ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աշխատանքին մէջ կարգ մը դժուարութիւններ ունիք, սակայն մի յուսահատիք, անցողական հարցեր են, որոնք կարճ ժամանակի մը մէջ լուծումներ պիտի ունենան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Առանց կազմակերպուելու ճամբորդութիւն մի՛ ընէք եւ ամէն բան պատահականութեան մի՛ ձգէք, աւելի լաւ է, որ ծրագիրներ ունենաք, որպէսզի դժուարութիւններու չհանդիպիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր հաշիւներուն լաւ հսկեցէք եւ ձեր պարտքերը մի՛ աւելցնէք. պարտական ըլլալը ձեզ տեղ մը չի հասցներ, ուրեմն ձեր ծախսերը կրճատեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բազմաթիւ գործերու մէջ մխրճուած էք եւ յոգնած էք, լաւ կ՛ըլլար, որ քիչ մը առանձնանայիք եւ ձեր հանգիստին մասին մտածէիք: Ձեր առողջութեան դուք հոգ պիտի տանիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արձակուրդը հիւանդանալու համար չէ եղած. անտեղի վազվզուքներէ հեռու մնացէք, որպէսզի ձեր արձակուրդը հաճելի անցնի, եւ ուրախ տրամադրութեամբ տուն վերադառնաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այս արձակուրդին անտարբեր մի՛ ըլլաք: Եթէ ճամբորդութիւն մը չէք ըներ, գոնէ թեթեւ մարզանքներ ըրէք, որպէսզի ձեր աշխատանքին նոր թափով սկսիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դրամական հարց մը ընտանիքին մէջ խռովութիւն պիտի ստեղծէ. իմաստուն եղէք եւ հարցերը մի՛ դժուարացնէք: Դուք կրնաք լուծումի մը յանգիլ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր շուրջիններուն հետ անհասկացողութիւն մը ունիք, պէտք է միջին եզր մը գտնել, քանի որ ջղայնանալով` հարց չի լուծուիր: Հասկացողութեան մը եկէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Արձակուրդի ընթացքին շատ շռայլ գտնուած էք եւ նոր կ՛անդրադառնաք, թէ սխալ մը ըրած էք. հոգ չէ, կրնաք խնայողութիւններով ձեր բնական ընթացքը գտնել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրը շատ նպաստաւոր է, ցոյց տուէք, թէ դուք կրնաք յաջողիլ զանազան գործերու մէջ: Վերապահ մի՛ ըլլաք, որպէսզի ձեր շուրջիններուն վստահութիւնը շահիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրիշներու հարցերով զբաղելու տրամադրութիւն չունիք. ասիկա ձեզ եսասիրութեան կ՛առաջնորդէ, պզտիկ հետաքրքրութեամբ մը կրնաք ձեր դիմացինին նեղութիւնները փարատել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Արձակուրդը աւարտած չէք ըլլար, երբ բարեկամներ կը հրաւիրէք. քիչ մը հանգիստ ըրէք, որպէսզի նոր աշխուժութեամբ սկսիք ձեր գործին: