Այլազան

50 Տարի Առաջ (24 Սեպտեմբեր 1965)

Ազգային-Եկեղեցական Կեանքը Բերիոյ Թեմին Մէջ Այս տարի բացառիկ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Եագուպիէի Ս. Աննա հրաշագործ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը: Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ միաբանութեան անդամներէն Տաթեւ հայր սուրբին եւ տէր Համազասպ քահանային, կիրակի, 29 օգոստոս, շատ կանուխ մեկնեցաւ Եագուպիէ` նախագահելու համար կրօնական արարողութեանց: Սրբազան հայրը Եագուպիէի մուտքին դիմաւորուեցաւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն եւ ժողովուրդին կողմէ եւ գիւղական նուագով...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Միշտ բարեացակամ էք եւ ձեր շուրջիններուն բոլոր խնդրանքները կը կատարէք. ձեր այս սովորութիւնը շատ լաւ չէ, եւ քիչ մը մերժեցէք, որպէսզի կարենան ինքնաբաւ ըլլալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ամէն բան աճապարանքով կը կատարէք եւ երբեմն սխալներ կը կատարէք: Ասիկա թերութիւն մըն է, քիչ մը աւելի տրամաբանելով կատարեցէք ձեր գործերը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)...

50 Տարի Առաջ (23 Սեպտեմբեր 1965)

Յաղթապանծ Արարան (47-րդ Տարեդարձին Առթիւ) Հայ վրիժառու բազուկը, յաւէտ յիշատակելի դիւցազնամարտերու շնորհիւ, փրկեց մեր պանծալի ժողովուրդին պատիւը այնպիսի պահու մը, երբ դարաւոր թշնամին ծրագրած էր ի սպառ բնաջնջել մեզ: Բարբարոս թուրքը իր «քաջութիւն»-ը ցոյց կու տար` վայրագօրէն ջարդելով անզէն ու անպաշտպան հայերը: Դէպի մահ կ՛առաջնորդէր անմեղ կիներու եւ երեխաներու կարաւանները, որոնք Միջագետքի եւ Սուրիոյ կիզիչ անապատներուն մէջ պիտի նահատակուէին` մարտիրոսի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յաջողութեան հասնելու համար համբերատար պէտք է ըլլալ, առաջին քայլով կարելի չէ գագաթին հասնիլ: Փորձառութեամբ եւ յարատեւութեամբ պիտի հասնիք ձեր փափաքին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր գործին համար ձեզ ուրիշ քաղաք մը պիտի ղրկեն. սկիզբը թէեւ դժուարութեան պիտի հանդիպիք, սակայն շուտով մթնոլորտին պիտի վարժուիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր պաշտօնաթուղթերը դասաւորելու դժուարութիւն ունիք. մեծ...

50 Տարի Առաջ (22 Սեպտեմբեր 1965)

Հայաստան Մերձարեւադարձային Պտուղներ Աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ ջրհեղեղէն փրկած իր միակ որթատունկը Նոյ Նահապետը տնկած է Արարատեան դաշտին մէջ: Կ՛երեւի` այդ պատճառով ալ կ՛ըսեն, թէ հայը եւ որթատունկը միասին աշխարհ եկած են: Ամէն ժողովրդական բանահիւսութիւն կամ աւանդութիւն ունի իր պատմական ատաղձը: Իրողութիւն է, որ Հայաստանի մէջ խաղողագործութիւնն ու պտղագործութիւնը հին պատմութիւն ունին: Այդ մասին կը խօսին հնագոյն ժամանակներէն մնացած յուշարձանները, մինչեւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր շրջանակին մէջ միակ անձն էք, որ արագ եւ ճիշդ որոշումներ կու տաք: Ձեր այս ընդունակութեան համար միշտ կը գնահատուիք եւ ըստ այնմ կը վարձատրուիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շրջահայեաց էք եւ անտարբեր չէք ուրիշներու նկատմամբ: Գիտէք անձերը գնահատել եւ արժեւորել անոնց կարողութեան չափով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Համարձակ չէք եւ դուք ձեր...

Դպրոցի Ճամբուն Վրայ

Դպրոցի Ճամբուն Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մենք արդէն սկսանք ուղղուիլ դէպի դպրոց` մեր ծնողներուն ձեռքէն բռնած, քալելով, կամ դպրոցի փոխադրակառքով... Աշխարհին շուրջ միլիոնաւոր աշակերտներ նոյն ճամբան կը բռնեն, սակայն երբեմն` շատ իւրայատուկ միջոցներով: Հնդկաստանի մէջ Երբ մենք կը լսենք «հանրային փոխադրակառք», վստահաբար չենք մտածեր հեծիկին մասին: Սակայն Հնդկաստանի մէջ հեծիկ քշողները կրնան մինչեւ տասներկու աշակերտ փոխադրել իրենց հեծիկով, որ յարմարցուած է դառնալու...

50 Տարի Առաջ (19 Սեպտեմբեր 1965)

Մուսա Լերան Հերոսամարտին Յիսնամեակի Շքեղ Տօնակատարութիւնը Այնճարի Մէջ Ազգայնաշունչ Ճառեր Խօսեցան` Վեհափառը, Հայրիկ Սրբազան, Փրոֆ. Մ. Հասրաթեան, Ընկերներ` Մ. Տէր Գալուստեան, Պ. Մըսըրլեան, Տքթ. Գոնիալեան, Հ. Տասնապետեան Եւ Տքթ. Գ. Մաթոսեան Երէկ, կիրակի, 19 սեպտեմբեր 1965, Այնճարի շքեղ ծառաստաններուն մէջ, աննախընթաց բազմութեամբ ու խանդավառութեամբ տօնակատարուեցաւ Մուսա Լերան դիւցազնական հերոսամարտի 50-ամեակը: Շաբաթ օրուընէ սկսած էր եռուզեռը Այնճարի մէջ: Մեծ պատրաստութիւններ տեսնուած...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ներքին խաղաղութեան մը պէտք ունիք: Լաւագոյն ձեւը լեռ բարձրանալ եւ առանձնանալն է: Շաբթուան մը առանձնացումը մեծապէս պիտի նպաստէ ձեր հոգեկան աշխարհին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հեռու մնացէք յոռետես մարդոցմէ եւ զանոնք մտիկ մի՛ ընէք: Հաւատացէք ձեր ներքին ձայնին, որովհետեւ դուք լաւատես էք եւ կրնաք նոյնիսկ դիմացինին յոռետեսութիւնը փարատել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մի՛...

50 Տարի Առաջ (18 Սեպտեմբեր 1965)

Խմբագրական  Անպարտելին  (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 50-Ամեակին Առիթով) Ովկիանոսի էութիւնը ըմբռնելու համար պարունակած բոլոր ջուրերը տարբաղադրելու պէտք չկայ: Այդ գործին համար կաթիլն ալ կը բաւէ: Մուսա Լեռը հայութեան ոգեկան «ովկիանոսին» այդ «կաթիլն» է ահա: «Կաթիլ» մը սակայն, որ ամէն ինչ կ՛ըսէ, ամէն բան կը պարզաբանէ «ովկիանոսի» մասին: Եթէ, պահ մը ենթադրենք, վրայ տուած ըլլայինք ամբողջ «ովկիանոս»-ը, եթէ բարբարոսը մեր հայրերու աճիւններուն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր մտածած բաները պիտի չկարենաք կիրարկել. սակայն մի՛ յուսահատիք: Նոր ծրագիրները աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլան եւ ձեզ պիտի խանդավառեն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Յաճախ ձեր շրջապատին հասկնալի պիտի չըլլաք, սակայն ձեր համբերութեամբ պիտի կարենաք զանոնք սիրաշահիլ, եւ ձեր խօսքերը տեղ պիտի գտնեն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այս երեկոյ ձեր բարեկամներով հաճելի պահեր պիտի...

Հետաքրքրական.  Հանրայայտ Բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան

Հետաքրքրական. Հանրայայտ Բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ֆրանսիս Քիւրքճեան արդէն 13 տարեկանին սկսած էր հետաքրքրուիլ օծանելիքի պատրաստութեամբ եւ 1985-ին որոշեց բուրագործ (parfumeur) դառնալ: Անոր առաջին գլուխ-գործոցը, որ իրեն մեծ յաջողութիւն ապահովեց, Ժան Փոլ Կոթիէի «Լը Մալ» օծանելիքն է: 2001-ին Քիւրքճեան արժանացաւ Ֆրանսուա Քոթի մրցանակին իր ձեռքբերումներուն համար, իսկ 2008-ին ճանչցուեցաւ տարուան լաւագոյն բուրագործ: Անոր ստեղծագործութիւններէն են` Էլի Սաապի «Լը Փարֆէօն»-ը, Նինա Ռիչչիի «Լ՛էքսթազ»-ը, Ճիորճիօ...

50 Տարի Առաջ (17 Սեպտեմբեր 1965)

Ապագայապաշտն Ու Ապագայատեացը   - Բարե՛ւ, Ղուկա՛ս, լուր ունի՞ս, թէ ինչե՞ր կը խօսին ու ինչե՞ր կը գրեն մարդկութեան ապագայ կեանքի մասին: Անանկ հրաշապատում բաներ պիտի ըլլան, որոնք հեքիաթներու մէջ անգամ երեւակայուած չեն: Կեանքը պիտի ըլլայ գիտական գեղեցկութիւններով լի: Կեանքը պիտի դառնայ մեքենագեղ: - Մարկո՛ս աղբար, դուն ան ըսէ, թէ որքա՞ն ատենէն պիտի իրագործուին այդ հազարան հրաշքները: - Սանկ երեսուն -...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Երկու հոգիով եղած գործ մը յաջողութեամբ պիտի պսակուի. ձեր գործակիցը աշխատունակ եւ վստահելի անձ մըն է. կրնաք վստահութիւն ունենալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շատ փափկանկատ էք եւ ուրիշներու կարծիքը կը յարգէք: Ձեր այս նկարագիրը պիտի գնահատուի, եւ բարեկամները պիտի բազմանան եւ յաճախ ձեր կարծիքին պիտի դիմեն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Շատ յաճախ իրականութիւնը...

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1965)

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1965)

Ամերիկահայ Արժէքներ  Ծաղրանկարիչ Վ. Շիրվանեան Ծաղրանկարիչ Վ. Շիրվանեան գործի պահուն Վահան Շիրվանեանի մեծ հայրը Միացեալ Նահանգներ գաղթած եւ, շատ մը հայերու պէս, զբաղած է գորգավաճառութեամբ: Վահան Շիրվանեան հիւմուրով ծաղրանկարիչ մըն է: Սեփական ճիգերով յաջողած ծաղրանկարիչ մը, որուն գործերը լոյս տեսած են «Սաթըրտէյ իվնինկ փոստ»-ի, «Լուք»-ի, «Թրու»-ի, «Արկողի»-ի, «Մըքքոլզ»-ի եւ «Տիս ուիք»-ի մէջ: 1963-ին զարդանկարած է բանաստեղծութիւններու գիրք մը` գրուած` Ճորճի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր իրաւունքները պաշտպանելու կարողութիւնը ունիք, սակայն զգուշութեամբ վարուեցէք, որպէսզի ձեր շահին համար ձեր շուրջիններուն վնաս չհասցնէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեզի համար արժէքաւոր իր մը երկար ժամանակէ ի վեր կորսնցուցած էք. այսօր պիտի գտնէք այդ իրը տան մէջ կարգադրութիւն ըրած ժամանակ: Վերջապէս արժէքաւոր յիշատակ մը պիտի վերագտնէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր առողջութեան...

50 Տարի Առաջ (15 Սեպտեմբեր 1965)

50 Տարի Առաջ (15 Սեպտեմբեր 1965)

Պաալպեքի Միջազգային Փառատօնը Եւ Հայկական Գեղարուեստը   Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ կը շնորհաւորէ տիկին Ն. Ճիտէճեանը Հաւատքը, կ՛ըսեն, պայման է յաջողութեան: Իսկ մենք ալ կրնանք ըսել. համարձակութիւնը պայման է թէ՛ յաջողութեան եւ թէ՛ յաղթանակի: Ամէն ձեռնարկ, որ կը կատարուի, պիտի չափենք իր տարողութենէն: Հայկական միացեալ ուժը պարտադրեց իր կամքը գեղարուեստի ճամբով, գեղարուեստը սիրող եւ գնահատող օտար ընտրեալ հասարակութեան: Մենք` հայերս, անխտիր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Երբ ձեր նկարագիրը չի համապատասխաներ ձեր շուրջիններուն նկարագիրին, աւելի լաւ կ՛ըլլայ անոնցմէ քիչ մը հեռանաք եւ կամ ձեր կարծիքները անոնց չպարտադրէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Միշտ աշխատանքով տարուած էք եւ ուրիշներուն գործերն ալ դուք յանձն կ՛առնէք, ինչ որ կը վնասէ ձեր առողջութեան: Չափազանցութիւններէ հեռու մնացէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեզի մօտիկ ծանօթ մը...

50 Տարի Առաջ (14 Սեպտեմբեր 1965)

Օրը Օրին «Ըրածնիս Ի՛նչ Էր Որ...» Ատոլֆ Հիթլեր, իր անձնասպանութենէն քանի մը ժամ առաջ, երբ լուր կ՛առնէ, ըէ իտալացիք գնդակահար սպաններ են իր կաթնեղբայրը` Պենիթօ Մուսոլինին եւ անոր դիակն իսկ «պատժելու» համար ոտքէն կախեր են զայն, կը դառնայ Կէօպելսին ու կ՛ըսէ. - Տեսա՞ր` ինչ ըրեր են... Ամէ՛ն մեղքիս վրայ, մեր անունն ալ բարբարոս ելեր է... Եթէ մենք Ստալինն ու Չըրչըլը...

Page 334 of 361 1 … 333 334 335 … 361

Արխիւներ