ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Յաջողութեան հասնելու համար համբերատար պէտք է ըլլալ, առաջին քայլով կարելի չէ գագաթին հասնիլ: Փորձառութեամբ եւ յարատեւութեամբ պիտի հասնիք ձեր փափաքին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործին համար ձեզ ուրիշ քաղաք մը պիտի ղրկեն. սկիզբը թէեւ դժուարութեան պիտի հանդիպիք, սակայն շուտով մթնոլորտին պիտի վարժուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր պաշտօնաթուղթերը դասաւորելու դժուարութիւն ունիք. մեծ հարց մը չէ, ընտանիքին անդամներէն մէկը կրնայ ձեզի օգնութեան հասնիլ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընկերովի գործ մը սկսելէ առաջ ծրագիրը լաւ սերտեցէք եւ ձեր մտքերը լուսաբանեցէք, որպէսզի ձեր գործակիցներուն հետ բարդութիւններու չհանդիպիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կրնաք ստամոքսի հարց մը ունենալ. ձեզի կը մնայ դանդաղօրէն եւ կանոնաւոր կերպով ուտել, որպէսզի ձեր ստամոքսը չխանգարուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Առանձին աշխատանքի մը ձեռնարկել կ՛ուզէք, ինչ որ սխալ է: Աւելի լաւ կ՛ընէք ընկերովին սկսիլ, որպէսզի փորձառութիւն ձեռք ձգէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անցեալի ձեր ըրած սխալները ձեզի օրինակ պիտի ըլլան եւ ապագային կատարելիք գործերը աւելի լաւ հիմերու վրայ պիտի դնէք եւ յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ծնողները զգուշ պէտք է ըլլան. անոնք թէեւ իրենց զաւակները կը կրթեն, սակայն նկատի առէք, որ մանուկներն ալ իրենց կարգին ծնողներուն սխալները կը տեսնեն եւ կ՛արտայայտուին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մեծ հեղինակութիւն ունիք ընտանիքին մէջ: Մեծերը եւ պզտիկները յարգալիր են ձեր նկատմամբ: Ձեր այս ընթացքը նկարագիր կերտելու ձեւ մըն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բարձր տրամադրութիւնը միշտ կը գնահատուի ձեր շրջապատին կողմէ. այս ձեւով դուք ձեր շուրջիններուն տրամադրութիւնն ալ կը բարձրացնէք: Այսպէ՛ս շարունակեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ գիտելիքներ ունիք տալիք ձեր շուրջիններուն, որոնք պատրաստ են ձեզ ունկնդրելու: Դուք ձեր գիտութեամբ կրնաք օգտակար ըլլալ անոնց:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր բարեկամները կարծէք ձեզմէ կախեալ են եւ ձեր օգնութեան պէտք ունին: Դուք կրնաք անոնց օգտակար ըլլալ, զանոնք յուսախաբ մի՛ ընէք: