Փորձ Հարցարան. Ծանօ՞թ Էք Հայկական Աւանդական Կերակուրներուն
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Իմանալու համար, թէ որքանո՛վ ծանօթ էք հայկական աւանդական կերակրատեսակներուն, պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն` ընտրելով 2 հաւանական պատասխաններէն ճիշդը: -1- Խրիմեան հայրիկը իր «Պապիկ եւ թոռնիկ» գիրքին մէջ, աւանդազրոյց մը պատմելով` բացատրած է, որ այս կերակուրը յառաջացած է «Հարէք զսա» նախադասութենէն: Այս կերակուրին արմատները շատ հին են, անիկա նաեւ կոչուած է քաշիկա եւ եղած է տօնածիսական ճաշ: ա.-...







