ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պէտք է ժամանակ տրամադրէք ընտանիքին մէջ խաղաղութիւն ստեղծելու համար: Դուրս եկէք այնպիսի շրջանակէ մը, որ կ՛արգիլէ ձեզի` կատարելու ձեր գործերը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անհաճոյ խօսակիցի մը դիմաց, ինչպէս` տհաճ յաճախորդ մը, պահեցէք ձեր հանդարտութիւնը: Ամէն վայրկեան նոյն տրամադրութիւնը չէք կրնար ունենալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր պարտքերը մի՛ աւելցնէք: Խօսեցէք ձեր պարտատէրին հետ, համոզեցէք զայն, եւ ան պիտի համոզուի ու պիտի լռէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ համարձակիք դուք ձեզի յառաջ մղել այն ատեն, երբ ձեր ընելիքը յստակ չէ: Պէտք է համբերէք, որ օրերը փոխուին, եւ ձեր ընելիքը յստականայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր առողջութեան հետ մի՛ խաղաք` հետեւելով սննդականոնի մը, որ ձեզի յարմար չէ: Հետեւեցէք բժիշկի խորհուրդներուն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր բարեկամներէն իւրաքանչիւրը կու տայ իր կարծիքը` ծրագրի մը մասին: Բոլորին ըսածները ընելը դժուար պիտի ըլլայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յստակ եւ լուրջ ըլլալու համար պէտք է ըլլաք այնպէս, ինչպէս որ էք: Գործադրեցէք այն, ինչ որ իրապէս կը փափաքիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կրնաք փակագիծ մը բանալ, որ պիտի արգիլէ օրուան շատախօսութիւնը: Կարեւոր է ըլլալ լուրջ եւ կեդրոնանալ միայն օրինաւոր հարցերու վրայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր տնտեսական վիճակը լաւ չէ, եւ պիտի տեսնէք, որ ձեր պիւտճէն հետզհետէ կը նուազի: Ուշադիր եղէք ձեր ծախսերուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ առանձին կ՛ուզէք աշխատիլ, պիտի զրկուիք այն առաւելութենէն, որ ուրիշներ կրնան տալ ձեզի: Ձեր շուրջը անցուդարձերուն ուշադիր եղէք եւ ըստ այնմ շարժեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուշադիր եղէք ձեր շուրջիններուն կատարած գործերուն, որոնք կրնան վնասել ձեզի: Ձեր չորս կողմը լաւ դիտեցէք, որպէսզի կարենաք դիմադրել ստեղծուած անհաճոյ վիճակին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Սիրոյ փոքր արտայայտութիւն մը մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ: Ձեր զգացումները արտայայտեցէք` առանց առիթի սպասելու:
