Օրուան Դէպքերու Հետ Ուշադիր կարդացէք «Ճումհուրիէթ»-ի հետեւեալ մեկնաբանութիւնը, որ հիանալիօրէն կը խտացնէ տրամաբանելու այն եղանակը, որով այսօրուան աշխարհը կ՛ուղղուի դէպի ընդհանուր խառնակութիւն: «Թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացումը, կը գրէ անկախ մեծ թերթը, անշարժութեան պիտի մատնէ Միացեալ Նահանգներու տարաժամ նախաձեռնութիւնները: Միւս կողմէ` չենք կարծեր, որ Խորհրդային Միութիւնը դէմ ըլլայ սահմանափակ նպատակներ հետապնդող զինուորական միջամտութեան մը: Իր վարկը կորսնցնելու իսկ գնով Խորհրդային Միութիւնը չմիջամտեց...
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Ձեր գործերը պիտի կարենաք կատարել ժամանակի թաւալումով: Օրուան ընթացքին պիտի պատահին հետաքրքրական հանդիպումներ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր աշխատանքի վայրին մէջ լաւ բարեկամներ պիտի ունենաք: Անոնց հետ նոր որոշումներ պիտի տաք կարեւոր հարցերու շուրջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր թելադրանքներն ու գաղափարները ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան, աշխատանքի մէջ թէ տան: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն...
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Թայլանտի մէջ մուայ թայը (Թայ բռնցքամարտ) շատ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող մարտարուեստ մըն է: Մենք պիտի այցելենք Ուաթանայա Թայ մարզաձեւի բանակավայրը, ուր աղջիկներ եւ մանչեր կը մարզուին ախոյեաններ դառնալու համար: Մարտարուեստի բանակավայրին մէջ մարզուող բոլոր մանուկները իրենց փորձերը սկսելէ առաջ դպրոց կ՛երթան ուրիշ աշակերտներու նման, առտուան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30: 10 տարեկան Նամինկ կ՛ապրի...
Նշմար Ազատօրէն Լիբանանի Հանրապետութեան ներկայ նախագահը, անդրադառնալով այս երկրի բարոյական կարգ մը սրբազան սկզբունքներուն, իր մէկ խօսքին մէջ կը շեշտէր. «Մեր ժողովուրդը կ՛արտայայտուի ազատօրէն եւ բնաւ պէտք չունի բռնութեան դիմելու` իր գաղափարները արտայայտելու համար»: Ազատութեան արժէքը ըմբռնելու եւ անոր յարգանք ընծայելու իր տրամադրութեամբ, այս պզտիկ երկիրը կրնայ մեծագոյն օրինակներէն մէկը համարուիլ: Գեղեցիկ երկիր է Լիբանանը, աշխարհի գեղեցկագոյն մասերէն մէկը` իր...
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Երբ տեսնէք այն անձերը, որոնք միշտ ուրախ են, պիտի փորձէք ընել անոնց ըրածը: Դուք ալ պիտի աշխատիք միշտ ուրախ մնալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Տնային գործերու կարգադրութեան օրն է այսօր, պիտի չկարենաք առանձին կատարել զայն, ուրեմն դիմեցէք օգնականի մը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Գիրքերը միշտ ձեզի լաւ բարեկամներ են, կ՛ուզէք անոնց ընկերակցութիւնը, մանաւանդ...
Պարզ Ու Պայծառ Պարտէզ Միջերկրականեան Մեղեդի (Պահ Առաւօտեան) Ծովն է զգեցած հազար կապոյտ: Կարծէք` իր վրայ իջած է տարափ մը լազուարթի: Ծովուն կապտագեղ պաստառին վրայ կ՛ուռի մանրանկարչութիւն մը անվերջանալի: Լայնալիճ տարածութեան մակարդակին` մէկը կարծէք հսկայ վրձինով նկարած է արծաթալոյս պողոտայ: Այս ծով արքայութեան մէջ կ՛եփին մարգրիտ, արծաթ ու ոսկի: Բարակ անձրեւ մը կայ ադամանդի: Ափերուն մէջ, ջուրերուն ներքեւէն կը սահին...
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Յարմար գիներով առարկաներ պիտի գտնէք ձեր տունը կահաւորելու համար: Պիտի ուրախանաք այս նորութիւններուն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շատ մօտէն պիտի հսկեն ձեր աշխատանքին վրայ: Ասիկա պատճառ պիտի դառնայ, որ դուք ջղային դառնաք եւ աւելի շատ սխալներ գործէք: Զգո՛ւշ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ճամբորդութիւն մը պատճառ պիտի ըլլայ, որ դուք սիրահարիք ձեր գացած տեղին,...
Կարապետ Գույումճեանի (Ակա Կարապետ) մահուան առիթով` - Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութիւնը 200.000 լ. ո.
Լիբանանի Անկախութեան 24-րդ Տարեդարձը Լիբանան երէկ տօնեց իր անկախութեան 24-րդ տարեդարձը: Այս առթիւ հանրապետութեան նախագահը երեքշաբթի իրիկուն ազգին ուղղեց պատգամ մը: Պարզելով վարչակարգին մտահոգութիւնները` արտաքին գետնի վրայ եւ ներսը` քաղաքական, տնտեսական ու ելեւմտական, նախ ծանրացաւ Իսրայէլի ծաւալողական նպատակներուն վրայ: Նախագահը այնուհետեւ իր անխախտ հաւատքը յայտնեց արաբական դատին եւ ճշմարտութեան յաղթանակին հանդէպ: Անցնելով ներքին խնդիրներուն` նախագահ Հելու ջանաց ցոյց տալ, որ...
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Պէտք է ամէն ինչ հասկնաք, որպէսզի դիւրութեամբ գործադրէք, ինչ որ չէք հասկնար, պէտք է բացատրութիւն պահանջէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր աչքերը գոցեցէք, խորունկ շունչ մը առէք եւ պիտի տեսնէք, որ փոթորիկը անցած է: Այս կը նշանակէ, որ պէտք է համբերատար եւ հանդարտ ըլլալ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ուշադիր եղէք, որպէսզի չլուծուելիք հարցեր...
Խմբագրական Առաջին Դիրքերու Վրայ (Անկախութեան 24-րդ Տարեդարձին Առթիւ) Քսանչորս տարի առաջ, այս օրերուն Լիբանան եռեւեփի մէջ էր: Հոգատար իշխանութիւնները, նոյեմբեր 8-ին, գիշերը, ձերբակալած էին հանրապետութեան նախագահ Պըշարա Խուրին, վարչապետ Ռիատ Սոլհը եւ ութ այլ նախարարներ ու արգելափակած` Ռաշայայի բերդը, միաժամանակ լուծելով նորընտիր խորհրդարանը, որ ամէն գնով ուզած էր փոփոխութեան ենթարկել սահմանադրութիւնը` երկիրը ձերբազատելու համար ֆրանսական ազդեցութենէն: Լիբանանցի ժողովուրդը մէկ մարդու...
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Աշխատանքի մէջ սովորական գործունէութիւնը լաւ կողմեր կ՛ունենայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ձեր աշխատանքը լաւ ընթացքի մէջ է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ճամբորդելու ձեր փափաքը պիտի մղէ ձեզ առանց ուշանալու կատարելու զայն: Անկարելի է դիմադրել նման փափաքի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Միշտ կը խօսիք խնայողութեան մասին, սակայն շատ մսխող էք: Ուշադիր եղէք ձեր այս...
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Առանց նիւթական օգնութիւն մը կատարելու` օրինակելի անձ մը կրնաք ըլլալ: Շարունակեցէք մնալ նոյն տրամադրութեամբ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեզի գործ մը պիտի վստահին. եթէ լաւ կատարէք այդ գործը, ձեզի նկատի պիտի առնեն իբրեւ յաջող պաշտօնեայ, եւ ըստ այնմ պիտի վարձատրուիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Նախընտրելի է աշխատիլ անձի մը հետ, որ կրնայ խումբով...
Տեսակցութիւն Մը Վ. Համբարձումեանի Հետ Երեւանի «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի աշխատակիցը տեսակցութիւն մը ունեցած է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի նախագահ, Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն, ակադեմիկոս Վիկտոր Համբարձումեանի հետ: Ստորեւ այդ հարցազրոյցը` գրեթէ ամբողջութեամբ. ՀԱՐՑՈՒՄ.- Շատոնց զիս կը հետաքրքրէ հետեւեալ հարցը. ո՞րն է ձեր ամենամեծ ցանկութիւնը: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իմ ամենամեծ ցանկութիւնն է մեր Գիտութիւններու ակադեմիային մէջ տեսնել աւելի մեծ քանակութեամբ երիտասարդ, շնորհալի գիտական աշխատողներ: Կեանքիս...
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ինչպէս գիտենք, մարդ արարածը իր առաջին քայլերը առած են ափրիկեան ցամաքամասին վրայ: Այս ցամաքամասին վրայ է, որ գտնուած են ո՛չ միայն արդի մարդ արարածին (հոմօ սափիէն, մեր ուղղակի նախահայրերը) ամէնէն հին մնացորդները, սակայն նաեւ` մարդուն ամէնէն մօտիկ զարմիկներուն ամէնէն հին բրածոները: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը Լիւսին է, որ ապրած է մօտաւորապէս 3,2 միլիոն տարիներ առաջ, եւ որուն...
Պոսթընի Մէջ «Թրքական Արուեստ»-ի Ցուցահանդէսը Ուժգին Բողոքի Տեղի Տուած Է Քանի մը շաբաթ առաջ, Պոսթընի թերթերուն եւ պատերուն վրայ տեսնուած յայտարարութիւնները, որոնց համաձայն, «Ութ հազար տարուան թրքական արուեստ» պիտի ցուցադրուէր Պոսթընի Գեղարուեստից թանգարանին մէջ, նոյեմբեր 9-էն սկսած, արդար բողոքի տեղի տուած է ամերիկահայ մեր հայրենակիցներուն կողմէ: «Պոսթըն Կլոպ» մեծ օրաթերթը, նոյեմբեր 10-ի թիւով, արձագանգ հանդիսանալով այս բողոքներուն, «Գանձեր Թուրքիայէն ցուցադրութիւնը...
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Պէտք ունիք հանգիստի, որ երկար ատենէ չէիք ըրած. պէտք է արձակուրդ պահանջէք ձեր աշխատանքէն եւ ճամբորդութիւն մը կատարէք ձեր կորովը վերագտնելու համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շատ անհամբեր եւ ջղային էք: Ձեր այս բնաւորութեան պատճառով անդադար վիճաբանութեան մէջ էք ձեր կողակիցին հետ: Եղէք զուսպ եւ հանդարտ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այսօր դուք ձեզ...
2011/03/04 – 2014/12/31