ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Առանց նիւթական օգնութիւն մը կատարելու` օրինակելի անձ մը կրնաք ըլլալ: Շարունակեցէք մնալ նոյն տրամադրութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի գործ մը պիտի վստահին. եթէ լաւ կատարէք այդ գործը, ձեզի նկատի պիտի առնեն իբրեւ յաջող պաշտօնեայ, եւ ըստ այնմ պիտի վարձատրուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նախընտրելի է աշխատիլ անձի մը հետ, որ կրնայ խումբով աշխատիլ: Ձեզի համար շատ դիւրին պիտի ըլլայ, եւ յաջող գործ մը պիտի կատարէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի յաւելեալ պատասխանատուութիւն պիտի ուզէք ունենալ: Ընթացք պիտի տրուի ձեր փափաքին, քանի որ կրնայ աւելին տալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրական գոնէ 20 վայրկեան քալեցէք մարզանք կատարած ըլլալու համար: Առողջ միտք` առողջ մարմնի մէջ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր փորձառութիւնը շատ օգտակար պիտի ըլլայ յաջող որոշում մը տալու համար: Նոյն ատեն պիտի կարենաք օգտակար ըլլալ ձեր շուրջիններուն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ արուեստագէտ էք, պիտի կարենաք նոր ծրագիր մը իր աւարտին հասցնել յաջողութեամբ, ցուցադրելով ձեր գործերը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատանքային արդիւնաւէտ օր մը պիտի ունենաք: Շատ պիտի գնահատուիք եւ պիտի վարձատրուիք: Յարատեւ յաջողութեան մաղթանքներ ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի կարենաք մասնակցիլ աշխատանքի խմբային գործունէութեան մը, որ կրնայ ըլլալ մարզական խաղ մը: Պիտի յաջողիք եւ գնահատուիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր անձնական գործերուն ծաղկումին համար ձեր շուրջիններուն խորհուրդները մտիկ պիտի ընէք եւ անպայման պիտի յաջողիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի մէջ իրարու հետ գործակցիլը բանալին է յաջողութեան: Գործի այս ձեւը միշտ նկատի ունեցէք յառաջանալու համար:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երբ յոգնած եւ ջղային վիճակ մը ունենաք, դադրեցուցէք աշխատանքը, լայն շունչ մը քաշեցէք, հանգիստ ըրէք, որպէսզի կարենաք ձեր գործերը աւարտել յաջողութեամբ: