Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թայլանտի Մէջ. Բռնցքամարտի Մրցագորգին Թագաւորը

Նոյեմբեր 25, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Թայլանտի մէջ մուայ թայը (Թայ բռնցքամարտ) շատ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող մարտարուեստ մըն է: Մենք պիտի այցելենք Ուաթանայա Թայ մարզաձեւի բանակավայրը, ուր աղջիկներ եւ մանչեր կը մարզուին ախոյեաններ դառնալու համար:

Մարտարուեստի բանակավայրին մէջ մարզուող բոլոր մանուկները իրենց փորձերը սկսելէ առաջ դպրոց կ՛երթան ուրիշ աշակերտներու նման, առտուան ժամը 7:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30:

10 տարեկան Նամինկ կ՛ապրի գերաններու վրայ, շինուած տան մը մէջ իր մեծ հօր, մեծ մօր, մօր եւ 13 տարեկան եղբօր` Մոյի հետ: Ան կ՛օգնէ տան աշխատանքներուն, որոնք յաճախ տեղի կ՛ունենան տան բակին մէջ: Եւ ապա ան կ՛ուղղուի դէպի բանակավայր:

Առօրեայ փորձերը կը սկսին ծանրութեան տոպրակներուն հարուածելով: «Ֆրանսական եւ Թայ բռնցքամարտի մարզաձեւերը կ՛արտօնեն ոտքի հարուածները, սակայն Թայ բռնցքամարտի պարագային արտօնուած են նաեւ ծունկի, բռունցքի եւ արմուկի հարուածները:

Նամինկի եղբայրը` Մօ կը մարզուի իր ընկերոջ` Փաեթի հետ, որ յատուկ ձեռնոցով մը կը ճնշէ, անոր ստամոքսին վրայ` ստամոքսին մկանները զօրացնելու համար: Մօ կ՛ընդունի, որ երբեմն պէտք է չարչարուիլ յառաջդիմելու համար: Ան նոյնիսկ օր մը մատը կոտրած է եւ ստիպուած եղած է հիւանդանոց երթալու:

Մօ եւ Փաեթ դպրոցը նոյն դասարանին մէջ ալ են: Թայլանտի մէջ աշակերտները ստիպողականօրէն տարազ կը հագուին դպրոցին մէջ. իսկ շաբաթը անգամ մը տղաքը իրենց ճերմակ շապիկը կը փոխարինեն սկաուտի տարազով: Անոնք կը սորվին ձեռային աշխատանքներ, ճաշ եփել, հանրային վայրերը մաքրել, եւ շտապ օգնութիւն ցուցաբերել:

* * *

Փորձերը կը վերջանան իրիկունը: Վերջապէս կը հասնի մրցաշարքի օրը, որ տեղի պիտի ունենայ գիւղին հրապարակին վրայ: Փոքրիկ մարզիկները կը կատարեն իրենց վերջին փորձերը: Իւրաքանչիւր մրցաշարքի մեծ թիւով հանդիսատեսներ ներկայ կը գտնուին: Անոնք կու գան քաջալերելու մարզիկները եւ յատկապէս` իրենց նախընտրած… որուն վրայ անոնք գրաւ դրած են:

Մրցաշարքը սկսելէն առաջ պուտտայական հոգեւորականներ կու գան աղօթելու` բռնցքամարտի մրցագորգին վրայ: Մրցաշարքը կը սկսի: Հարուածները իրարու կը յաջորդեն: Անոնք կրնան շատ ցաւցնել: Սակայն փոքրիկ մարզիկները լաւ պաշտպանուած են. անոնք ակռաները պահպանող յատուկ «ատամնաշար» մը կը գործածեն: Մրցում մը բաղկացած է 3 վայրկեան տեւող 5 րաունտէ:

* * *

Մին կ՛արձանագրէ իր 9-րդ յաղթանակը: Ան կ՛ուզէ բռնցքամարտի միջոցով դրամ շահիլ իր մօր տունը նորոգելու համար:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

Երկրագունդը 5 վայրկեանի մէջ կը յառաջանայ աւելի քան 8047 քմ:

Չինջ ջուրը կը սառի 0 աստիճան: Երբ մենք ջուրին վրայ աղ աւելցնենք, ջուրին սառելու աստիճանը կ՛իջնէ զերոյէն վար:

Արեւը միշտ մեր ետեւը կը գտնուի, երբ մենք ծիածան մը կը տեսնենք:

Իւրաքանչիւր ձիւնի փաթիլ ունի 6 կողմ:

Բեւեռային արջերը կրնան մէկ թափով լողալ մինչեւ 161 քմ:

Մարդիկ նուազ կը գնեն, երբ խանութին մէջ երաժշտութիւնը շատ բարձր է:

Կէս միլիոն լեկոյի քամերով 31 մեթրէն աւելի բարձր աշտարակ մը շինուած է Սան Փաւլոյի մէջ, Պրազիլ, 2011-ի ապրիլին: Աշտարակը տասը յարկանի շէնքի մը բարձրութիւնը ունէր:

Պրազիլի մէջ գոյութիւն ունին աւելի միջատի քան 700 հազար տեսակներ:

Արժանթինի նախագահին աշխատանքի գրասենեակը կը գտնուի «Վարդագոյն տուն» (Քասա Ռոսատա) կոչուած շէնքի մը մէջ:

Աշխարհի զմրուխտներուն մեծ մասը կու գայ Քոլոմպիայէն:

Յոյն փիլիսոփայ Սոկրատէս մօտաւորապէս 2400 տարիներ առաջ արդէն անդրադարձած է, որ ձմրան դէպի արեւ նայող պատ ունեցող տուն մը կրնայ տաքնալ արեւին տաքութեամբ:

Մէկ ճինզ տաբատ մը կը կարօտի 10.997 լիթր ջուրի:

Երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցող ջուրին 97 առ հարիւրը ըմպելի չէ: 2 առ հարիւր մըն ալ կը գտնուի սառած վիճակի մէջ` բեւեռային շրջաններուն մէջ:

15-րդ դարու կառուցուած «Արգիլուած քաղաք»-ը չին թագաւորներու բնակավայրն էր: Քաղաքը կը գտնուի ներկայիս իբրեւ Փեքին ճանչցուած քաղաքին կեդրոնը: Հոն ապրած են 90 կայսրեր, եւ անիկա կը պարփակէ 90 պալատ, 980 շէնք եւ 8704 սենեակ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազատութեան արձանը իբրեւ փարոս գործածուած է 1886-1902 թուական:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու կերպարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 11 տարբերութիւնները:

 

Ո՞ր խումբը յաղթեց: Գիտնալու համար հաշուէ իւրաքանչիւր խումբի խաղցողներուն շապիկին վրայի թիւը, առաւել` անոնց վրայ պահուած թիւը: Այս արտասովոր խաղին մէջ նուազագոյն թիւ արձանագրողը կը յաղթէ:

 

Կրնա՞ս գտնել միսի կտորին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած արտասովոր մանրամասնութիւնները:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Նոյեմբեր 1967)

Յաջորդը

Տի Քափրիօ Եւ Թոմ Հենքս Պիտի Աջակցին Հայաստանի Մանուկներու Հիմնադրամի Բարեգործական Երեկոյին

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?