Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անցնող օրերու ընթացքին կուտակուած հարցերը քննարկեցէք եւ ըստ այնմ որոշումներ տուէք: Պէտք է դասեր քաղէք անցեալի պատահածներէն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Գրաւիչ գիներէն մի՛ խաբուիք տօնական օրերուն առիթով ձեր կատարած գնումներու պարագային: Շարժեցէք ձեր պիւտճէին համաձայն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Որպէսզի ուրիշներ ձեզի հետեւին ձեր մշակած մէկ ծրագրին համար, պէտք է որ աւելի...

50 Տարի Առաջ (15 Դեկտեմբեր 1967)

Հայ Դատի Յուշագրին Պահանջները Ընդունուեցան Լիբանանի Պատուիրակին Կարեւոր Դերը Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը հեռագրէ. Ընդհանուր ժողովի մասնաւոր մէկ յանձնախումբը, կազմուած` երրորդ (մարդկային, մշակութային ու ընկերային) եւ վեցերորդ (իրաւաբանական) յանձնախումբերէն, պատրաստած է ծրագիր մը` «Պատերազմական ոճրագործներու հարցի ուխտը»: Հայ դատի յանձնախումբը իր յուշագիրը ղրկած էր բոլոր անդամ-պատուիրակներուն: ՄԱԿ-ը այս 15 անդամնոց յանձնախումբը վերջացուց իր գործը 4 դեկտեմբեր 1967-ին`...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աշխատանքի թէ ուրիշ հարցերու մէջ յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրէք: Պիտի գիտնաք ձեր կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Թէեւ ամիսը հակասութիւններ ունի ձեր գործերուն համար, այսուհանդերձ պիտի կարենաք ստեղծուած վիճակէն դիւրութեամբ դուրս գալ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր ամուսնական կեանքին թէ շրջանակին մէջ անհաճոյ դէպքեր պիտի պատահին, ուստի պիտի նախընտրէք առանձին մնալ: Օրը...

«Մարդ Ամէն Ինչ Պիտի Ստանայ Ժամանակին` Ե՛ւ Օրօրոցայինը, Ե՛ւ Առաջին Հեծանիւը…» Մհեր Մկրտչեան

«Մարդ Ամէն Ինչ Պիտի Ստանայ Ժամանակին` Ե՛ւ Օրօրոցայինը, Ե՛ւ Առաջին Հեծանիւը…» Մհեր Մկրտչեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մանուկ հասակիս ես կ՛երազէի փայլուն, պսպղուն հեծանիւ ունենալ. ժամերով կը կենայի խանութի ցուցափեղկին առջեւ ու կը դիտէի... Երազիս մէջ ալ կը տեսնէի... Եւ վերջապէս տնեցիները խոստացան, որ հեծանիւ կը գնեն: Վրայ հասաւ հանդիսաւոր օրը: Մեր ամբողջ ընտանիքը մօրս` Սանամի գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ դէպի խանութ: Մայրս հագած էր իր միակ տօնական զգեստը եւ կը գլխաւորէր երթը: Անոր ետեւէն կը...

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1967)

Խմբագրական Ժողովուրդին Հետ, Հայրենիքին Համար Ա՛յս է մեր նշանաբանը: Կը բխի մեր էութենէն: Մերն էր երէկ, եօթանասունեւեօթը տարի շարունակ: Մերն է այսօր` հակառակ ժամանակի թաւալքին, հակառակ յարափոփոխ կացութիւններու եւ պայմաններու, աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, բոլոր երկիրներու մէջ: Ընտրանիի մը ներկայացուցիչները չէին ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադիրները: Ոչ ալ անոնք, որոնք քալեցին անոնց հետ, անոնց ուղիով, եղան` դաշնակցական մարտիկ, դաշնակցական ֆետայի, գրագէտ, մտաւորական,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Տարեվերջը բաւական բեղուն է դրական գործերով: Լաւ ուղղութեան մէջ էք ձեր երազները իրականացնելու համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Նախանձի եւ ջղագրգռութեան տրամադրութիւն ունիք, ձեր ամուսնական կեանքը հանգիստ պայմաններու մէջ չէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Զգուշ եղէք յաւելեալ անկեղծութենէ, որ կրնայ վիրաւորել ձեր խօսակիցը զուր տեղ: Ամէն հարցի կարեւորութիւն մի՛ տաք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն...

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1967)

«Գթութիւնը Յաւիտենական Է» Սփիւռքի մէջ հայ մեծ բարերարները հազուադէպ երեւոյթներ կը նկատուին այլեւս, ու ընդհանրապէս համեստ եւ բարեկեցիկ դասու հայրենակիցներ են, որ կը պահեն մեր ազգային հաստատութիւնները` իրենց համեմատաբար փոքր նպաստներով: Բարերարուհի Սոֆիա Լ. Յակոբեան հազուադէպ նկատուող վեհանձն այն հարուստներէն էր, որոնք խոնարհօրէն ճանչցած են մահկանացուի անխուսափելի ճակատագիրը, եւ իւրացուցած` այն իմաստութիւնը, որ մարդ պէտք է արդարեւ ապրի այնպէս, որ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Առանձնութենէ կը դժգոհիք. որպէսզի կարենաք յառաջանալ, պէտք ունիք ձեզի յարմարող ընկերակիցի մը, եւ շուտով դուք ձեզ ուրախ պիտի զգաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ամէն ինչ ձեր ուզածին պէս չ՛ըլլար: Փորձեցէք գտնել այն սխալը, որ ձեր գործի ձախողութեան պատճառ կը դառնայ: Սրբագրեցէք զայն եւ պիտի տեսնէք, որ յաջողած էք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Միշտ...

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1967)

Ճամբուս Վրայ Շատ տարիներ առաջ, ըսենք` Քոլոմպոսի Ամերիկան գտնելէն չորս օր ետք, երբ ես ալ հոն հասայ, ինձմէ առաջ հոն եկող հայ մը բարեկամական խորհուրդ մը տուաւ ինծի: - Դիւրութեամբ ու շուտով անգլերէն սորվելու համար սովորութիւն ըրէ ամէն ատեն ու ամէն կողմ դրուած ծանուցումները կարդալ,- ըսաւ.- շուտով անգլերէն կը սորվիս: Հաշիւ ըրէ, որ եթէ այդ ընթերցումներէդ օրական մէկ բառ մնայ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ինչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ ասպարէզի փոփոխութիւն ունիս, յաջողութիւն պիտի ունենաս: Օրը պիտի անցնի խաղաղ եւ ուրախ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Գործի մէջ համաձայնութեան մը պարագային զիրար հասկնալու դժուարութիւն պիտի ունենաք: Ջանացէք զիջող ըլլալ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մինչեւ ամսուն 25 դժուարութիւններու պիտի հանդիպիք. յետոյ ձեր անձնական կեանքը յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ: Հանդարտ մնացէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութեան նուիրուած «Ազդակ»-ի 9 դեկտեմբեր 2017-ի գունաւոր թիւին հրատարակութեան առիթով` - Ազգային մը 200$ - Տիար Կարօ Կարապետեան 150$ - Տիար Ճորճ Գարամանուկեան 100$ - Տիար Կիրակոս Նէնէճեան 50$ - Տիար Յարութ Պալթայեան 50$ Տիրան Աղազարեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով` - Տիկին Վարդուհի Աղազարեան-Նաճարեան 200$

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1967)

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը Սիտնիի Մէջ Նախաձեռնութեամբ «Դրօ» Կոմիտէին, Սիտնիի մէջ ՀՅ դաշնակցութեան 77-րդ տարեդարձը տօնակատարուեցաւ դաշտագնացութեամբ մը, Գրոնուլայի ծովեզերեայ գեղեցիկ դաշտավայրին մէջ: Աւելի քան 500 հոգի, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, օրուան ճաշով դաշտավայր եկաւ հաճելի օր մը անցընելու համար: Մինչեւ կէսօր, ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ծով իջան լողալու, մարզիկներ ֆութպոլ ու ձեռնագնդակ խաղացին, ոմանք տերեւախիտ ծառերու տակ զրուցեցին, ուրիշներ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աշխատանքով բեռնաւորուած օրեր պիտի ունենաք. բայց մի՛ մտահոգուիք, ասիկա պատճառ պիտի դառնայ, որ դուք յառաջդիմէք: Ուրախ եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այս օր ձեր աստղը բարկացած է եւ ձեզի պիտի ստիպէ, որ դուք ձեր բռունցքը սեղանին զարնէք: Սակայն մի՛ նեղուիք, վաղը աւելի լաւ է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այն տպաւորութիւնը ունիք, որ ոչինչ...

Հին Առարկաներ Հտպիտներու Կը Վերածուին…

Հին Առարկաներ Հտպիտներու Կը Վերածուին…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Աշխարհին շուրջ, տարբեր քաղաքներու փողոցներուն մէջ կը պատահի, որ հանդիպինք դուրսը լքուած հին բազմոցներու, հին պատկերասփիւռներու, հինցած եւ մաշած անկողիններու: Անոնց տէրերը այս առարկաները լքած են մայթին վրայ` անոնցմէ ձերբազատելու համար, յուսալով, որ քաղաքի աղբահաւաքները զանոնք կը հաւաքեն եւ աղբանոց կամ վերամշակումի կեդրոն կը տանին: Ընդհանրապէս այն անձերը, որոնք այս հին առարկաները փողոցին մէջ կը լքեն,...

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1967)

Ապրիլեան Եղեռնի Յուշարձանին Բացումը Երեւանի Մէջ Նոյեմբեր 29-ին, Երեւանէն եւ շրջաններէն հաւաքուած բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին բացումը կատարուեցաւ 1915-ի ապրիլեան եղեռնի յուշարձանին: Ծիծեռնակաբերդէն կ՛երեւի Երեւանի գեղեցիկ համայնապատկերը: Չորսուկէս հազար մեթր տարածութեան վրայ բարձրացած է վեհապանծ յուշարձանը: Անոր մէջ կը մտնէ 30 մեթր տրամագիծ ունեցող շրջանաձեւ դամբարանը` դէպի կեդրոն խոնարհուած 12 հսկայ պազալթէ պիլոններով: Դամբարանին մէջ կը վառի յաւերժական հուրը`...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այս ամիսը հարուստ է հետաքրքրական ծրագիրներով, նկատողութեան առէք այս կէտը եւ ըստ այնմ շարժեցէք: Յաջողութիւն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այսօր ուշադիր եղէք, հեռու մնացէք վէճերէ եւ ուրիշներու հակաճառելէ: Միշտ եղէք չէզոք դիրքի վրայ` ըլլայ ձեր գործին մէջ թէ տան: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ամուսնական կեանքի մէջ ըլլայ կամ գործի մէջ, եղէք հանդարտ եւ...

50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1967)

Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կողմէ դասախօսական երեկոն բացաւ Գ. Շահինեանը` սահմանելով բանաստեղծին եւ մանաւանդ հայ բանաստեղծին կոչումը. «Մեր դարուն մեծ հարցեր կը յուզեն ամբողջ մարդկութիւնը, մասնաւորապէս` գրողն ու բանաստեղծը. ան կը զգայ մարդուն տառապանքը, եւ անոր երգը ձօնուած է մարդ արարածին, իսկ հայ բանաստեղծը այդ բոլորէն վեր նաեւ անխոնջ պահակն է հայ արժէքներուն ու մշակոյթին»: Ռուբէն Մելիք բեմ բարձրանալով`...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ամուսնական կեանքին մէջ ազատութեան փափաքը պիտի ունենաք, որ դժբախտաբար պիտի չհասկցուի: Ձեր պահանջները չափաւորեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ամիսը շատ բախտաբեր չէ, պէտք է համբերէք որոշ ժամանակ մը, սակայն ամսուան կէսէն ետք ամէն ինչ պիտի սկսի դէպի լաւը փոխուիլ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Սիրահարներու միջեւ անհասկացողութիւն պիտի ըլլայ. համաձայն պիտի չըլլաք հարցի...

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1967)

Նշմար Խտութեան Համար «Il est tourjours facile d'être long, mais être court prend du temps» ALAIN Կարճ գրելու կամ երկար գրելու, քիչ խօսելու կամ շատ խօսելու հակումները միշտ բերուած են սեղան եւ այդ երկո՛ւ ոճերն ալ ունեցած են իրենց թունդ ներկայացուցիչները: Մարդոց ու ժողովուրդներու որակական արժէքը յստակ ընծայող ուրիշ բազում երեւոյթներու կարգին` փորձաքարի դերեր կարելի է վստահիլ նոյնպէս կարճ խօսքին...

Page 253 of 361 1 … 252 253 254 … 361

Արխիւներ