Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հին Առարկաներ Հտպիտներու Կը Վերածուին…

December 9, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Աշխարհին շուրջ, տարբեր քաղաքներու փողոցներուն մէջ կը պատահի, որ հանդիպինք դուրսը լքուած հին բազմոցներու, հին պատկերասփիւռներու, հինցած եւ մաշած անկողիններու: Անոնց տէրերը այս առարկաները լքած են մայթին վրայ` անոնցմէ ձերբազատելու համար, յուսալով, որ քաղաքի աղբահաւաքները զանոնք կը հաւաքեն եւ աղբանոց կամ վերամշակումի կեդրոն կը տանին:

Ընդհանրապէս այն անձերը, որոնք այս հին առարկաները փողոցին մէջ կը լքեն, չեն կրնար երեւակայել, թէ անոնք կրնան երկրորդ կեանք մը ունենալ ընկերային ցանցերուն վրայ, կամ նոյնիսկ իսկական կեանք մը` նոր տէրերու մօտ:

Լոս Անճելըսի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, փողոցի անանուն արուեստագէտ մը սկսած է կերպարանափոխել այս լքուած առարկաները: Իր այս գործերը «Լոնսըմ թաուն» ծածկանունով ստորագրող արուեստագէտը այս լքուած առարկաները կը վերածէ տխուր հտպիտներու դէմքերու: Այս ձեւով ան կարելիութիւնը կու տայ քաղաքի բնակիչներուն` այս «աղբերը» տեսնելու աւելի հաճելի երեւոյթի մը տակ: Անոր շնորհիւ` նոր կերպարանք ստացած այս հին առարկաները երկար ժամանակ չեն մնար փողոցին մէջ: «Սթրիթ արթ»-ի  (փողոցի արուեստ) սիրահարները շատ շուտ անոնց երկրորդ տուն մը կը հայթայթեն:

Ազնիւ Հսկաներ` Պահուըտած
Քոփենհակընի Անտառներուն Մէջ

Քոփենհակընի անտառին մէջ պահուըտած են մոռցուած վեց հսկաներ…

Ո՛չ, ասիկա հեքիաթի մը սկիզբը չէ, այլ` իրականութիւն: Այս ծրագիրը յղացած է դանիացի արուեստագէտ Թոմաս Տամպոն: Գործածուած տարբեր տեսակի փայտի կտորներով եւ խումբ մը կամաւորներու օգնութեամբ, ան ստեղծած է անհաւատալի եւ բարի վեց հսկաներ, որոնք զետեղուած են իր ծննդավայր Քոփենհակըն քաղաքին անտառին մէջ:

Անտառին մէջ փոքրիկ եւ մեծ պտտողներուն բնութեան պահպանման եւ վերամշակումին մասին անդրադառնալ տալու համար Թոմաս Տամպօ երեւակայած է քարտէս մը, ուր նշանակուած են այս տարօրինակ եւ ազնիւ հսկաներուն վայրը: Այս ձեւով այցելուները կը մասնակցին իսկական գանձի փնտռտուքի մը, որուն գանձը պիտի ըլլայ հանդիպումը` Փոքրիկ Թիլտի, քնացող Լուիի, Օսքարի եւ անտառին ուրիշ մոռցուած հսկաներուն հետ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Աշխարհի մէջ տաք տուրմի ամէնէն մեծ գաւաթին պարունակութիւնը կրնար լեցնել 20 լոգարան:

– Ամէն տարի աւելի քան 10 հազար ձիւնամարդեր կը շինուին Ճափոնի Սափորօ քաղաքի սառոյցի փառատօնին ընթացքին:

– Անգլիոյ Էլիզապեթ Ա. թագուհին իր խոհարարէն պահանջեց շինել Կաղանդի իսկական մարդու չափով ճինճըրպրետ պիսքուիներ` թագաւորական կարեւոր հիւրերուն համար:

– Քանատայի մէջ մարդիկ ձիւնով շինած են հսկայական լաբիւրինթոս մը, որուն մեծութիւնը հաւասար է արհեստավարժ պասքեթպոլի չորս դաշտերու:

– 2015-ին պաշտօնապէս Սանթա Քլոզ կոչուած անձ մը ընտրուեցաւ հիւսիսային բեւեռի քաղաքապետարանի անդամ, Ալասքայի մէջ,  Միացեալ Նահանգներ:

– Ըստ կարգ մը հաշիւներու, Կաղանդ պապային սահնակը կը կշռէ, հաւանաբար, մօտ 317,5 միլիոն քիլօ:

– Ճափոնի Թոքիօ մայրաքաղաքին մէջ հարիւրաւոր մարդիկ փողոց կ՛իջնեն Կաղանդ պապայի տարազ հագած` մասնակցելու համար քաղաքի տարեկան Սանթա Քլոզի մարաթոնին:

– Գիտէի՞ր, որ կարելի է գնել ճինճըրպրետ Կաղանդի մարդուկի պիսքուի հոտը ունեցող շուներու շամփու:

– Ըստ գիտնականի մը, ձիւնեմարդ մը շինելու ամէնէն լաւ ջերմաստիճանը – 1,1 աստիճանն է:

 Ժամանց

Այս քոյրն ու եղբայրը տեսակաւոր բաներ գտած են ձեղնայարկին մէջ: Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած` նապաստակին գլուխը, կիթառը, մկրատը, հաւու եռանկիւնաձեւ ոսկորը, գուլպան, թռուցիկը, չղջիկը, աստիճանը, ստեպղինը, դրօշակը, գաւաթը, սարդը, սարդին ոստայնը եւ մատիտը:
Քոյրն ու եղբայրը շուարած են: Որո՞ւ կարգն է: Կատուն իրար անցուցած է իրենց խաղին ամբողջ կտորները: Կրնա՞ս գտնել խաղի սրտի ձեւով 5 կտորները եւ 5 աստղի ձեւով խաղի կտորները: Փորձէ գտնել նաեւ զոյգ մը զառը:

 

Կրնա՞ս գտնել այն 16 մանրամասնութիւնները, որոնք իրենց տեղը չունին այս պաղպաղակի խառնուրդին մէջ: ( Ստորեւ պատասխանը):

 

Պատասխան

1.- Հաւկիթ.- 2.- Հովանոց, 3.- Թուղթերու մետաղեայ կցիչ, 4.- Թռչուն, 5.- Հրթիռ, 6.- Կատուի գլուխ, 7.- Պղպջակի «ծխամորճ», 8.- Խխունջ, 9.- Թիւ 3, 10.- Ձիւնեմարդու գլուխ, 11.- Մատիտ, 12.- Մարդուկի ձեւով Կաղանդի պիսքուի, 13.- Որդ, 14.- Ձեռնոց, 15.- Սանտր, 16.- Փող:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Եւ Միջազգային Կնոջական Ընկերվարական Շարժումը

RelatedPosts

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է

September 26, 2026
500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.