ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տարեվերջը բաւական բեղուն է դրական գործերով: Լաւ ուղղութեան մէջ էք ձեր երազները իրականացնելու համար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նախանձի եւ ջղագրգռութեան տրամադրութիւն ունիք, ձեր ամուսնական կեանքը հանգիստ պայմաններու մէջ չէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Զգուշ եղէք յաւելեալ անկեղծութենէ, որ կրնայ վիրաւորել ձեր խօսակիցը զուր տեղ: Ամէն հարցի կարեւորութիւն մի՛ տաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի փնտռէք նոր հաւասարակշռութիւն մը` ձեր գործին եւ անձնական կեանքին միջեւ… եւ անպայման պիտի գտնէք զայն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ժամանակը շատ յարմար է ձեր սիրոյ համար, որ պիտի շրջանցէ կարեւոր քայլ մը: Կրնաք ձեր նպատակին հասնիլ ամէն գնով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ շատ ծանրաբեռնուած էք աշխատանքով, ժամանակն է, որ գտնէք հանգստանալու միջոց մը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ժամանակը շատ յարմար է ստեղծագործական աշխատանք մը կատարելու համար, որ կրնայ ըլլալ անձնական կամ պաշտօնի վերաբերեալ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այսօր ձեր բախտին աստղը պիտի պարտադրէ ձեզի` կատարելու յաւելեալ աշխատանք: Համբերութիւն ունեցէք` անտրտունջ կատարելու ձեր աշխատանքը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տօնական օրերու առիթով պիտի ունենաք հաճելի բարեկամութիւն, սէր եւ պիտի բաժնեկցիք գեղեցիկ մտերմութիւն մը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արդիւնքներու ամիսն է այս. շնորհիւ ձեր աշխատանքին` պիտի ունենաք յաջողութիւն եւ պիտի նկատէք, որ ունեցած էք արդիւնաւէտ տարի մը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի ունենաք բարեկամական զօրաւոր ընկերակցութիւն, եւ շատ պիտի հաւնիք այս վիճակը, քանի որ հաճելի պահեր պիտի ապրիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարգ մը դժուարութիւններու դիմաց պիտի կարենաք լուծումներ գտնել: Ձեզի կը թելադրուի ըլլալ համբերատար եւ հաւատալ, որ վաղը աւելի լաւ օր մը պիտի ունենաք: