50 Տարի Առաջ (19 Յունուար 1968)
Հայ Դատի Յանձնախումբի Մասին Հայ դատի յանձնախումբի ձեռնարկներուն բուն իմաստն է, Ցեղասպանութեան խնդրի արծարծումով, մուտք գործել Միացեալ ազգերու ատեանները` Հայ դատը ներկայացնելու եւ մեր հողային եւ այլ ազգային իրաւունքները պաշտպանելու մտադրութեամբ: Որովհետեւ Հայ դատը` իբրեւ միջազգային քաղաքական հարց, ներկայ պայմաններու տակ, գրեթէ անկարելի է օրակարգի խնդիր դարձնել: Մինչդեռ երբ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումը կը ներկայանայ միայն թրքական յետին նպատակ` հայերու ցեղասպանութեամբ, ...







