Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուպրիկներու Հիւանդանոցը

January 13, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի կեդրոնը կը գտնուի իւրայատուկ «պուպրիկներու հիւանդանոց» մը: Հոն, այս նուրբ խաղալիքները կը նորոգուին կամ կը հաւաքուին զգուշութեամբ եւ սիրով` հինգ սերունդներէ ի վեր:

***

Իւրաքանչիւր պուպրիկ ունի իրեն յատուկ «հիւանդի քարտը»: Այս հիւանդները կը խնամուին փորձառու երեք «բժշկուհիներու» կողմէ: Այս կիները անոնց կը դնեն նոր աչք մը, թեւ մը կամ մազեր, որ կ՛ընտրեն պզտիկ դարակներու մէջ շարուած հարիւրաւոր կտորներէ:

***

1830-ին հիմնուած այս հաստատութեան անունը յիշուած է զբօսաշրջիկներու ուղեցոյցի գիրքերուն մէջ` իբրեւ աշխարհի ամէնէն հին «պուպրիկներու հիւանդանոցներէն» մէկը, որ տակաւին կը բանի, ինչպէս նաեւ` աշխարհի տասը ամէնէն շատ հետաքրքրական խաղալիքներու խանութներէն մէկը:

«Հիւանդանոցին» յաճախորդները թանգարաններ են, հաւաքածոներու սիրահարներ, սակայն յատկապէս` անհատներ, որոնք շատ կապուած են այս առարկաներուն:

***

Ընտանեկան այս հաստատութեան պատմութիւնը սկսած է 19-րդ դարուն: «Փոքրիկ պառաւ կին» մը` Քարլոթա տա Սիլվա Լուս իր ժամանակը կ՛անցընէր կտորէ պուպրիկներ շինելով` նստած իրեն ծանօթ բժշկական խոտեր եւ համեմներ ծախող անձի մը փողոցի թիւ 7 խանութին առջեւ Լիզպոնի Փրասա տա Ֆիկերայի մէջ, ուր բացօթեայ մեծ շուկայ մը գոյութիւն ունէր:

Ժամանակի ընթացքին խանութին ցուցափեղկերը զարդարող պուպրիկները գրաւեցին բժշկական խոտերուն եւ համեմներուն տեղը: Ամբողջ թանգարան մը յատկացուեցաւ այդ պուպրիկներուն` առաջին յարկին վրայ. մօտաւորապէս 4000 պուպրիկներ կը լեցնեն այդ թանգարանը մինչեւ առաստաղը, ոչ շատ հեռու այն աշխատանոցէն, ուր կը խնամուին «հիւանդները»: Հոն կարելի է գտնել յախճապակիէ գլուխներով հարիւրամեայ պուպրիկներ, պուպրիկներու տուներ, Փորթուգալի տարբեր շրջաններու աւանդական հագուստներով պուպրիկներու հաւաքածոյ մը եւ նոյնիսկ` քանի մը արդի Պարպիներ:

Հետաքրքրական

Ո՞ր Գոյնը Մեր Աչքերը
Ամէնէն Լաւը Կը Տեսնեն

Մեր աչքերը ամէնէն լաւը կը նշմարեն դեղին-կանաչ գոյնը: Ասիկա այն պատճառներէն մէկն է, որ մեր փողոցները լուսաւորող լոյսերը դեղին են եւ ոչ` ճերմակ, որպէսզի մենք աւելի լաւ տեսնենք:

Որքան Մարդիկ Շատնան Երկրագունդին Վրայ,
Այնքան Անիկա Կը Ծանրանայ
Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

Ճիշդ է, որ տարիներու ընթացքին երկրագունդը աւելի ծանրացած է (անիկա այժմ կը կշռէ մօտաւորապէս 6000 միլիառ միլիառ թոն): Սակայն ասոր պատճառը մարդոց աւելի բարձր թիւը չէ, այլ` տասնեակ հազարաւոր թոներով ամէն տարի անջրպետէն ինկող երկնաքարերը եւ տարբեր տեսակի փոշիները:

 Ճի՞շդ Է, Որ Լեռները  «Կը Բուսնին»

Կարելի է հաստատել… սակայն` ոչ բոլոր լեռները:

Ինչպէս գիտենք, լեռները կը յայտնուին հոն, ուր ցամաքամասերը իրարու կը զարնուին: Անոնք նախ շատ արագ կը մեծնան պրո՛ւմ: Երկրաշարժ, հրաբուխ եւ այլն: Ապա անոնք կամաց-կամաց կը մեծնան, որովհետեւ ցամաքամասերը կը շարունակեն շարժիլ: Օրինակի համար, Եւրոպայի մէջ Ալպեան լեռները տարեկան 1-2 մմ «կ՛աճին»: Իսկ աշխարհի ամէնէն բարձր լեռները` Հիմալայեայի լեռները, տարեկան մինչեւ 1 սմ կը բարձրանան:

Ապա, անոնք կը սկսին կորսնցնել իրենց բարձրութենէն, յատկապէս` հովին պատճառով, որ գագաթի հողէն քիչ մը «կը կրծէ», սակայն ասիկա շատ դանդաղ հոլովոյթ մըն է, մօտաւորապէս 3 մմ` ամէն 100 տարի:

Ո՞ր Ժողովուրդը Չի Հաշուեր

Պրազիլի վայրի անտառներուն մէջ ապրող Փիրահա ցեղախումբը: Անոնք թիւերուն ծանօթ չեն, եւ այս պատճառով է, որ անոնք իրենց տարեդարձները չեն տօներ:

Առաւել, անոնց լեզուն աշխարհի ամէնէն պարզ լեզուն է… ան բաղկացած է 8 բաղաձայնէ եւ 3 ձայնաւորէ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի քաղաքավարութեան, անոնց բառամթերքին մէջէն բացակայ են «բարեւ», «շնորհակալութիւն» եւ «ներողութիւն» բառերը:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Կորիլլաները երբեմն ուրախ երգեր կ՛երգեն ուտելու ժամանակ:

– Ամէն օգոստոս ամսուն Պոլիվիոյ մէջ մարդիկ կը հաւաքուին քարեր կտրելու` բախտ ունենալու համար:

– Միլիառատէր մը իր շան համար գնեց 1000 տոլար արժող ութ սմարթֆոն հեռաձայններ:

– Շուները կրնան հասկնալ մարդոց խօսակցութիւնը:

– Շերեփուկները կրնան ջուրին տակ ապրիլ մինչեւ երկու տարի:

– Սկզբնական շրջաններուն քեչափի բաղադրութեան մէջ կարելի էր գտնել` սունկ, ոստրէ եւ ընկոյզ, սակայն` ոչ լոլիկներ:

– Աշխարհի շէկ մազերով անձերուն 10 առ հարիւրը կ՛ապրի Իրլանտայի մէջ:

– Ծովաստղերը արիւն չունին:

– Երբ մեղուն կը խայթէ, ան կ՛արձակէ պանանի հոտ ունեցող քիմիական նիւթ մը:

– Գիտնականները կրցած են ձիեր մարզել, որպէսզի մարդիկ անոնց հետ նշաններու միջոցով կարենան հաղորդակցիլ:

– Գիտէի՞ր, թէ Ռեքիաւիքի մէջ, Այսլենտ, գոյութիւն ունի Կաղանդ պապայի թզուկներու յատուկ դպրոց մը:

– Տուք անունով շուն մը Ամերիկայի Մինիսոթա նահանգին մէջ գտնուող Քորմորանթ քաղաքին քաղաքապետն է:

– Գիտնականները ծիածաններուն միջոցով կ՛ուսումնասիրեն օդին ապականումը:

– Աշխարհի ամէնէն երկար վազքի մրցումին ընթացքին վազողները օրական մօտաւորապէս 97 քմ կը վազէին 52 օրուան ընթացքին:

– Անասուններուն մեծ մասը իր ուտելիքը չի ծամեր:

– Սիպերիոյ մէջ գտնուող լիճ մը առանձինն կը պարունակէ ամբողջ աշխարհի անուշ ջուրին մէկ հինգերորդը:

– Ընձուղտը կրնայ իր քիթը իր լեզուովը մաքրել:

– Սարդերը իրենց ոտքերով կը լսեն:

– Ծնունդի պահուն Խաղաղականի հսկայ ընգղան մօտաւորապէս մեղուի մը չափը ունի:

– Կէտերը կրնան համտեսել միայն աղի ուտելիքներ:

– Շուներուն լուերը շատ աւելի բարձր կը ցատկեն, քան` կատուներուն լուերը:

– Ծառերը «կը քնանան» գիշերը:

– Բոյսերը կրնան աւելի արագ աճիլ, եթէ անոնք երաժշտութիւն լսեն:

– Կարգ մը կարիճներ 12 աչք ունին:

 

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ մնացեալ պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել գլխարկին եւ ձեռնոցներուն հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած պատկերասփիւռը աշխատցնող ութ գործիքները:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Յունուար 1968)

Յաջորդը

Նշմար. Արտօնելի Չէ

RelatedPosts

Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)
Մանկապատանեկան

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

December 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.