ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Անձ մը օգտակար պիտի դառնայ ձեր աշխատանքին: Եղէք գոհունակ եւ համակերպող: Հանգստանալու ժամանակ ալ պէտք է տրամադրէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր աշխատանքը բազմապատկեցէք: Աշխատեցէք միջին եզր մը գտնել ամէն անգամ, որ դժուարութեան հանդիպիք: Սիրալիր վարուեցէք ձեր սիրելիներուն հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Նոր սկիզբի կամ պատասխանի մը համար մեծապէս պիտի ուրախանաք: Դրական շրջան մըն է: Ինքնավստահ եղէք, ձեր աշխատանքին մէջ յառաջ պիտի երթաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Աշխատանքի ուշացում պիտի արձանագրէք: Նոր ծրագիրներու չսկսիք: Դանդաղ ու յուսահատեցնող շրջան մըն է: Հոգեպէս յոգնած պիտի զգաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Յաջողութիւն մը ձեզ մեծապէս պիտի ուրախացնէ: Յարմար շրջան է վերատեսութեան ենթարկելու ձեր բոլոր քայլերը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Սխալ գործելէն զգուշ եղէք: Հեռու մնացէք քննադատութենէն: Դժուարութիւն մը պիտի ունենանք, բայց շնորհիւ ձեր ճկունութեան պիտի յաջողիք յաղթահարել զայն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր կարծիքը ինքնավստահութեամբ եւ հանդարտութեամբ յայտնեցէք: Բազմապատկեցէք աշխատանքը աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Լաւապէս վերլուծեցէք ձեզի հետ կատարուող բոլոր դէպքերը: Վարչական եւ նիւթական պայմանները վերատեսութեան ենթարկեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Յաղթանակ մը պիտի արձանագրէք: Բոլորին ուշադրութեան առարկան պիտի դառնաք: Դրական շրջան մըն է, առիթէն օգտուեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նիւթապէս եւ բարոյապէս ճնշող ժամանակ մը պիտի ապրիք: Նոր աշխատանք մը ձեզ մեծապէս պիտի ուրախացնէ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յաջողութիւն արձանագրելու համար թերեւս պէտք պիտի ունենանք ուրիշներու օգնութեան: Ազնիւ ու բարեացակամ եղէք ձեզի օգնութիւն ցուցաբերողին հետ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Խնդիրներ մի՛ յարուցէք եւ մի՛ հակառակիք ձեր շրջապատի կարծիքին: Զգօն եւ արթուն եղէք: Պատասխանատուութիւնները ձեզ պիտի յոգնեցնեն:
