Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեզմէ կը պահանջուի մեծ կեդրոնացում, նաեւ` ամէն ինչի զննում: Անձնական գետնի վրայ պիտի չյաջողիք ձեր փափաքները իրականացնել: Քիչ մը ժամանակ տուէք վայելքի: Ուրախութեան մէջ դեղ ու դարման կայ ցաւերուն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք այլոց հետ: Լաւ յուշեր ձգեցէք ուրիշներուն քով: Պիտի ընտրէք ճամբայ մը, որ արագ հասնիք ձեր նպատակներուն: Անսպասելի...

Յայտարարութիւններ (30 Մայիս 2018)

ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Կասիկ Խաչերեան եւ զաւակները` Արին, Հայկ եւ Սանան Օրիորդ Մակի Խաչերեան Տէր եւ տիկին Գրիգորիս եւ Գեղան Պողարեան Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Անի Տարագճեան եւ դուստրը` Կարին (Միացեալ Նահանգներ) Տէր եւ տիկին Սամ եւ Հելեն Խայեաթ եւ զաւակը` Կարէն Տէր եւ տիկին Եուսեֆ եւ Շողիկ Նուր եւ զաւակները` Քամալ եւ Նատիմ Տէր եւ...

50 Տարի Առաջ (30 Մայիս 1968)

Կիպրահայ Կեանք Սուրբ Մակարայ Վանքի Ուխտագնացութիւնը Կիրակի, 5 մայիսին, Ս. Մակարայ վանքի ուխտագնացութեան առիթով, հարիւրաւոր ուխտաւորներ կղզիին բոլոր շրջաններէն փութացած էին հայկական վանքը: Առաւօտեան հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ վանքի մատրան մէջ` կիպրահայ թեմի նոր կաթողիկոսական փոխանորդ Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեանի կողմէ, որ նաեւ խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը: Այս առիթով կարդացուեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը` Արսէն ծ. վրդ. Աւետիքեանի կաթողիկոսական...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) «Խնդա՛ եւ աշխարհը հետդ կը խնդայ» խօսքը մակերեսային չէ, այլ կը խօսի այն մասին, որ երբ խնդանք, դրական ներուժ կը տարածուի մեր շուրջը, եւ մենք  կը շրջանցենք դժուարութիւններն ու հոգերը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Իւրայատուկ բնաւորութիւն մը ունիք: Նիւթական հարցերով պիտի զբաղիք: Վերջապէս  պիտի հասկնաք, որ դրամը աշխատանքի արդիւնքով միայն կը հասնի ձեզի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ...

Յայտարարութիւններ (25 Մայիս 2018)

ՄԱՀԱԶԴ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը, տիկնանց եւ ընկերային յանձնախումբը կը գուժեն իրենց երկարամեայ վաստակաշատ անդամին` ՔՆԱՐԻԿ ԱՍՏԱՐՃԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 23 մայիս 2018-ին: --------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ անդամուհիներէն ՔՆԱՐԻԿ ԱՍՏԱՐՃԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 23 մայիս 2018-ին: --------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղական խորհուրդը, տիկնանց յանձնախումբը եւ դպրաց...

50 Տարի Առաջ (25 Մայիս 1968)

Ժեմայել Զգուշութեան Հրաւէր Կ՛ուղղէ Փաղանգաւորներու պետը` Փիեռ Ժեմայել երէկ յայտարարեց. «Խորհրդարան ներկայանալու կառավարութեան որոշումը գրգռիչ բնոյթ ունի: Այդ չէ ժողովուրդին ուզածը»: Պէյրութի երեսփոխանը շարունակեց. «Մինչ համայն աշխարհ կ՛աշխատի լուծում գտնել քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներուն, Լիբանանի մէջ մեր ժամանակը կը կորսնցնենք Սապրի Համատէի եւ Քամել Ասաատի, Ռաշիտ Քարամէի եւ Սաէպ Սալամի, Փիեռ Ժեմայելի եւ ռեմոն Էտտէի, Քամալ Ժոմպլաթի եւ էմիր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մեծ ժողովրդականութիւն պիտի վայելէք: Լուսինը ձեր աստղին մէջն է: Շատ պիտի աշխատիք ձեր նպատակին հասնելու համար: Մի՛ յուսահատիք որեւէ նեղութեան դիմաց: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Քննարկելու եւ յաջողելու յարմար ժամանակ է: Ժամանակ պիտի չունենաք ձեր անձին համար: Քանի մը ընտրութիւններու դիմաց պիտի շուարիք: Հարկաւոր է, որ լաւ տնօրինէք ձեր գործերը, մանաւանդ` դրամները: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22...

Մեր Ընթերցողներուն

Յայտարարութիւններ (24 Մայիս 2018)

ՄԱՀԱԶԴ Տիկին Հելեն Չավտարեան-Դարբինեան Տէր եւ տիկին Սարօ եւ Փասքալ Դարբինեան եւ զաւակունք Օրիորդ Սարինէ Դարբինեան Դարբինեան եւ Չավտարեան ընտանիքներ Հիթի եւ Քէօշկերեան ընտանիքներ Մանուկեան, Ատալեան եւ Օհանեան ընտանիքներ եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին` ՎԱԶԳԷՆ ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 23 մայիս 2018-ին: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 25 մայիսին, կէսօրէ ետք...

Առողջապահական.  Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին

Առողջապահական. Ինչպէ՞ս Պահպանել Տեսողութիւնը Հասուն Տարիքին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մինչեւ 65 տարեկան շատեր կը բախին տեսողական խնդիրներու, մինչեւ իսկ` կուրութիւն պատճառող հիւանդութիւններու. այդ հիւանդութիւններէն յիշենք` մաքիւլար տեճեներէյշընը,  կլոքոմիան, քաթարաքթը եւ այլն... Տրուած ըլլալով, որ այս հիւանդութիւնները ցաւեր չեն պատճառեր եւ յաճախ երկար ժամանակ առանց ախտանշանի կը մնան, մարդիկ երկար ժամանակ ակնաբուժին չեն դիմեր: Ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ այդ հիւանդութիւններէն... Ահաւասիկ 5 օգտակար խորհուրդ` Ամերիքըն Աքատեմի աֆ...

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1968)

Աղեքսանդրիոյ Հին Մատենադարանը Պտղոմէոսեաններու շրջանին Աղեքսանդրիա քաղաքակիրթ աշխարհի եդեմն էր` շնորհիւ իր համալսարանին եւ մատենադարանին, որոնց հռչակը տարածուած էր ամբողջ աշխարհի մէջ: Համալսարանը մատենադարանին կու տար գիտնականներ, իսկ այս վերջինը, իր կարգին, համալսարանին կը հայթայթէր գիտական եւ վարդապետական գիրքեր: Աղեքսանդրիոյ մատենադարանէն առաջ ծանօթ էին Պղատոնի ակադեմիային գրադարանը եւ յոյն իմաստասէրներու խմբակցութեանց մատենադարանները: Աղեքսանդրիոյ մատենադարանը միւս բոլորէն գերազանց էր թէ՛ իր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Փափաք ունիք ճամբորդելու եւ նոր բան տեսնելու: Առեւտրային մեծ գործունէութիւն մը պիտի ունենաք, կամ ձեր սպասած գումարը պիտի ստանաք: Զգուշ եղէք: Դժուար օր մըն է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Կրկին մի՛ փորձէք անցեալին ձախողած երեւոյթը: Պէտք է տողատակի իմաստը հասկնաք: Ձեր շուրջինները ճշմարտութիւնը կը պահեն ձեզմէ: Ճկուն եղէք այլոց հետ յարաբերելու ընթացքին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22...

Յայտարարութիւններ (23 Մայիս 2018)

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿ ՀԱՄԵՐԳ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ Խմբավար` ՅԱՐՈՒԹ ՖԱԶԼԵԱՆ Սոփրանօ` ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ Շաբաթ, 9 յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Ս. Աստուածածին վանք, Պիքֆայա: --------------------------------------- ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ   Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին այսու կու գանք տեղեկացնելու, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, կիրակի, 27 մայիս 2018-ին, յընթացս Ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց...

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1968)

ՀՄԸՄ-ի Գայլիկներու Դպրոց-Բանակումը ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի կազմակերպուած դպրոց-բանակումը` գայլիկ աստիճանաւորներու պատրաստութեան յատուկ, տեղի ունեցաւ 4, 5, 6  մայիս, շաբաթ, կիրակի եւ երկուշաբթի օրերը, Ատոնիսի բանակավայրին մէջ: Շատ օգտակար այս բանակումին կը մասնակցէին Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի շրջաններէն 36 գայլիկ աստիճանաւորներ, որոնք բոլոր դասախօսութիւններուն եւ գործնական աշխատանքներուն հետեւեցան գնահատելի կարգապահութեամբ եւ գիտակից հետեւողականութեամբ: Բոլոր գայլիկները դասախօսուած նիւթերը արձանագրեցին մասնաւոր տետրակներու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ուրիշներու կարծիքները առէք եւ սերտեցէք զանոնք հանդարտութեամբ: Վերապահ եղէք ձեր կարծիքը տալու ժամանակ: Սխալ մի՛ գործէք, զղջալը չ՛օգներ: Ձեր խօսածին ու գրածին ուշադրութիւն ըրէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր ընտանիքի անդամներուն հոգ տարէք եւ ժամանակ տրամադրեցէք: Նոր կարծիքներ պիտի քննարկէք: Երեւան պիտի ելլեն դատական եւ օրինական խնդիրներ: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22...

Յայտարարութիւններ (22 Մայիս 2018)

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿ ՀԱՄԵՐԳ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ Խմբավար` ՅԱՐՈՒԹ ՖԱԶԼԵԱՆ Սոփրանօ` ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ Շաբաթ, 9 յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Ս. Աստուածածին վանք, Պիքֆայա: --------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Մանիա Մկրտիչեան Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Լուսին Գալթաքճեան եւ զաւակը Օրիորդ Սիրան Հեքիմեան Տէր եւ տիկին Սերգօ եւ Վարդուկ Օհաննէսեան եւ զաւակունք Տիկին Ալիս Հեքիմեան...

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1968)

Թատերական Լեւոն Շանթի «Կայսր»-ը Թատրերգութեան Բեմադրութիւնը Պաղտատի Մէջ Պաղտատի ՀԵԵ միութեան թատերախումբը աննախընթաց պատրաստութեամբ բեմադրեց Լեւոն Շանթի «Կայսրը» թատրերգութիւնը: Բեմադրութիւն` դերասան-դերուսոյց Արտաշէս Պալասանեանի: Բեմայարդարում` ճարտարապետ Խաժակ Մարաշլեանի: Անահիտ Զատիկեանը առաջին անգամ ըլլալով կ՛անձնաւորէր Թէոֆանօ կայսրուհիի պատասխանատու դերը: Դրսեւորեց փառատենչ թագուհիի հարազատ նկարագիրը: Արաքսի Տէր Պօղոսեանը հարազատօրէն կրցաւ դրսեւորել Հաննայի անաղարտ կերպարը: Հայկազ Պալթայեանը կայսրի հոգեբանական բարդ մեկնաբանութիւնը դրսեւորեց հարազատ խաղարկութեամբ:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի լուսաւորուին ձեր երեւակայած ծրագիրները: Արագ աշխատեցէք` առանց ժամանակ կորսնցնելու: Լաւ մտիկ ըրէք այն, ինչ որ կ՛ըսուի ձեզի: Ուրիշներուն կարծիքները նկատի առէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Լուռ կեցէք եւ մի՛ պատասխանէք ձեզի ուղղուած հարցումներուն: Վերապահ եղէք: Հարազատներու եւ ընտանիքի անդամներու կողքին ապահով պիտի զգաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Յոգնութիւն պիտի զգաք: Անձի մը...

Յայտարարութիւններ (21 Մայիս 2018)

ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Մանիա Մկրտիչեան Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Լուսին Գալթաքճեան եւ զաւակը Օրիորդ Սիրան Հեքիմեան Տէր եւ տիկին Սերգօ եւ Վարդուկ Օհաննէսեան եւ զաւակունք Տիկին Ալիս Հեքիմեան Տիկին Անժել Հեքիմեան Իշխանեան եւ Պոյրազեան ընտանիքներ Գասպար ընտանիք եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին` ՄԻՍԱՔ ՀԵՔԻՄԵԱՆԻ (Ծնեալ` 1934-ին) մահը, որ...

50 Տարի Առաջ (21 Մայիս 1968)

Ահաւոր Հրդեհ Քարանթինայի Մէջ  250 Խրճիթ, Որոնց 150-ը` Հայերու, Հրոյ Ճարակ Դարձան - Նիւթական Մեծ Վնասներ - Ոչ Մէկ Զոհ Երէկ` երկուշաբթի, 20 մայիս, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, ի բացակայութեան, հաւրանցի ընտանիքի մը խրճիթէն ծագած հրդեհը մէկուկէս ժամուան մէջ հրոյ ճարակ դարձուց Քարանթինայի 250 ընտանիքներու խրճիթները, որոնց մօտ 150-ը կը պատկանէին հայերու: Առաջին իսկ վայրկեանին հրդեհը արագընթաց կը տարածուի: Կը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Արագօրէն շարժելու կարողութիւնը ունիք: Ամէնէն յարմար շրջանն է տեսակցութիւններու, քննարկումներու եւ քննութիւններու: Ժամանակը սուղ է, արժէքը գիտցէք: Ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Տագնապ եւ նոր պատասխանատուութիւններ` ձեր աշխատանքին մէջ կամ ծնողներուն հետ կապուած: Պիտի տագնապիք պայմանները նկատի առնելով: Լաւ կարգաւորեցէք ձեր գործերը եւ օգտուեցէք ժամանակէն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Յարաբերութիւն...

Page 234 of 361 1 … 233 234 235 … 361

Արխիւներ