ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի լուսաւորուին ձեր երեւակայած ծրագիրները: Արագ աշխատեցէք` առանց ժամանակ կորսնցնելու: Լաւ մտիկ ըրէք այն, ինչ որ կ՛ըսուի ձեզի: Ուրիշներուն կարծիքները նկատի առէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լուռ կեցէք եւ մի՛ պատասխանէք ձեզի ուղղուած հարցումներուն: Վերապահ եղէք: Հարազատներու եւ ընտանիքի անդամներու կողքին ապահով պիտի զգաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յոգնութիւն պիտի զգաք: Անձի մը մասին մտածելով` մտազբաղ դարձած էք: Ձեր հանդարտութիւնը պահեցէք: Համբերող եղէք եւ թոյլ մի՛ տաք, որ երեւակայածին միտքերը իշխեն ձեր վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխուժ շրջան մըն է: Հանդիպումներու եւ զբաղումի մթնոլորտ մը կը տիրէ: Ուշադիր եղէք արկածներէն. յանկարծ դուք ձեզ չվիրաւորէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Թէեւ ծանր շրջան մըն է, բայց դուք հանգիստ եւ դրական պիտի զգաք: Նոր ծրագիր մը լոյս աշխարհ պիտի բերէք: Ձեր գործերը յաջողութեամբ պիտի պսակուին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր փափաքածը պիտի ստանաք` շնորհիւ ձեր հրապուրիչ անձնաւորութեան. բայց ուշադիր եղէք, որ չմոլորիք: Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, ձեր տեսակէտը մի՛ պարտադրէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հակառակ ճնշող մթնոլորտին` աշխուժութիւն պիտի զգաք: Նոր դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Նիւթական հարց մը պիտի լուծէք: Որոշում մը տուէք եւ առանց թերանալու` զայն գործադրեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հին սկզբունքներէ հրաժարեցէք: Ձեր ուղղութիւնը փոխեցէք: Պէտք է նոր զարգացումներուն հետեւիք դրականութեամբ: Գործակցեցէք այլոց հետ եւ հարցուցէք անոնց կարծիքը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նիւթական հարցի մը լուծումը ձեզ կը սպասէ: Ձեր միտքը բացէք ու սերտեցէք բոլոր հնարաւորութիւնները: Յետաձգեցէք ձեր տալիք որոշումները: Ձեզ մտահոգող հարցը սեղանի վրայ դրէք լուծելու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գաղտնիքները պիտի բացայայտէք ձեր ընկերներուն: Հանդարտութեամբ մօտեցէք կարգ մը խնդիրներու լուծման: Անկեղծութիւն մը սերտ յարաբերութեան կրնայ վերածուիլ: Պիտի զգաք, որ բան մը կը պահուի ձեզմէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անակնկալ դէպքի մը պատճառով իրար պիտի անցնիք: Վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք այլոց հետ, այլ տարածեցէք խաղաղ եւ հանգիստ մթնոլորտ մը: Դիւանագիտութեամբ վարուեցէք կարգ մը հարցերու հետ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դրական եւ խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէ: Պիտի զգաք, որ դուք յաղթական էք. բան մը, որ ուրիշները կրնայ նեղացնել: Ձեր ժողովրդականութիւնը պիտի մեծնայ:
