ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Արագօրէն շարժելու կարողութիւնը ունիք: Ամէնէն յարմար շրջանն է տեսակցութիւններու, քննարկումներու եւ քննութիւններու: Ժամանակը սուղ է, արժէքը գիտցէք: Ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տագնապ եւ նոր պատասխանատուութիւններ` ձեր աշխատանքին մէջ կամ ծնողներուն հետ կապուած: Պիտի տագնապիք պայմանները նկատի առնելով: Լաւ կարգաւորեցէք ձեր գործերը եւ օգտուեցէք ժամանակէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յարաբերութիւն մշակելու յարմար ժամանակ է: Դրական շրջան մըն է: Ճնշող պարտականութիւններ ունիք: Ձեր գործէն մի՛ ուշանաք: Ճշդեցէք ձեր առաջնահերթութիւնները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր ծախսերու դուռ պիտի բացուի ձեր դիմաց: Քննութեան շրջան մը կ՛ապրիք: Ձեր գործերը պիտի արժեւորուին: Լաւ դասաւորեցէք ձեր գործերը, տագնապալից օրեր պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սրբագրեցէք ձեր սխալները: Ներկայ պայմաններուն յարմարեցէք` առանց վիճաբանութիւններու: Կը փափաքիք ձեր թղթապանակներու մանրամասնութիւնները քննարկել: Օգնութիւն խնդրեցէք, եթէ կարիքը ունիք անոր:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դժուար բնաւորութիւն մը պիտի ունենաք: Վիճաբանութիւնները պիտի շատնան, եթէ տէր չեղաք ձեր ջիղերուն: Ամսուան յոգնեցուցիչ եւ դժուար օրերէն մէկն է, բայց շուտով ամէն բան պիտի խաղաղի, եւ պիտի ուրախանաք լաւ լուրով մը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոր միտքեր պիտի առաջարկէք: Պիտի աշխատիք նոր ծրագիր մը իրականացնել: Նոր դիրք մը պիտի որդեգրէք: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է: Ձեռնածալ մի՛ մնաք: Մեծ յաջողութիւն մը կը սպասէ ձեզ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աճապարեցէք հանդարտեցնել միտքերը եւ կարգաւորել պարագաները: Ձեր մէկ փափաքէն պիտի հրաժարիք: Պիտի տարուիք աշխատանքով: Առանց դանդաղելու` սրբագրեցէք կացութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հիանալի միտքեր ունիք: Աշխուժ եւ դրական շրջան մըն է: Կը փափաքիք ճամբորդել կամ հեռանալ աղմկոտ միջավայրէ: Յոգնութիւն եւ տագնապ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Յուսախաբ պիտի ըլլաք եւ մէկու մը համար պիտի նեղուիք: Սեւ միտքեր պիտի ունենաք կամ ընկճուած պահեր պիտի ապրիք: Երեւակայութեան մը զոհ պիտի երթաք: Դժուար շրջան մըն է: Առողջական հարց մը պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրախ լուրեր պիտի հասնին ձեզի: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Ձեր բախտը զօրաւոր պիտի ըլլայ այս շրջանին: Դրական պայմաններ պիտի ունենաք: Համարձակ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լաւ սերտեցէք ձեր ընելիքը եւ մի՛ թերանաք ձեր գործին մէջ: Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ ժամանակ մի՛ կորսնցնէք: Ծախսերէն հեռու մնացէք: Մի՛ աճապարէք եւ ձեր անունը լաւ պահեցէք: