ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մեծ ժողովրդականութիւն պիտի վայելէք: Լուսինը ձեր աստղին մէջն է: Շատ պիտի աշխատիք ձեր նպատակին հասնելու համար: Մի՛ յուսահատիք որեւէ նեղութեան դիմաց:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Քննարկելու եւ յաջողելու յարմար ժամանակ է: Ժամանակ պիտի չունենաք ձեր անձին համար: Քանի մը ընտրութիւններու դիմաց պիտի շուարիք: Հարկաւոր է, որ լաւ տնօրինէք ձեր գործերը, մանաւանդ` դրամները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այս օրերուն հանգիստ պիտի զգաք: Ձեր ժամադրութիւնները կատարեցէք այս օրերուն: Երեւակայութիւնը իրականութենէն զանազանեցէք: Ձեզի վատութիւն ընող անձէն հեռացէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անտեսանելի թշնամութենէն զգուշ եղէք: Այս շրջանին դժուար կացութեան մէջ պիտի ըլլաք ձեր պատկանած կուսակցութեան կամ միութեան մէջ: Փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան ձեր կեանքին մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտ զգաք, որ ձեր ճամբորդութիւնը կամ հեռաձայնային կապը իր նպատակին չծառայեց: Կարգ մը նախաձեռնութիւններէ պիտի ձերբազատիք: Յարմար ժամանակ է ձեր կարողութիւնները երեւան հանելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր մտածողութեան մէջ դրական եղէք: Կարեւոր առիթ մը պիտի տրուի ձեզի: Պայմանները յարմար են աշխատանքային հարցեր քննարկելու: Առիթ պիտի ունենաք արձակուրդի երթալու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Սիրող ընկերներու ներկայութիւնը վայելեցէք: Տնային հարցերով պիտի զբաղիք: Նիւթական հարց մը պիտի լուծէք: Որոշում տալէ առաջ ուրիշներէն խրատ հարցուցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մի՛ բացայայտէք ձեր գաղտնիքները: Ձեր ընտրութիւնները եւ որոշումները յետաձգեցէք: Աշխատանքները լաւ ընթացք պիտի ունենան այս օրերուն: Դուք ձեր ճամբան շարունակեցէք, եթէ նոյնիսկ ուրիշներ կանգ առնեն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կառչած մի՛ մնաք ձեր կարծիքին: Յանձն մի՛ առնէք գործ մը, եթէ վստահ չէք անոր ճշդութենէն: Ձեր ընկերները ձեզի օգտակար պիտի դառնան ձեր գործին մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Տեղի ունեցած փոփոխութիւններու պատճառով հոգեպէս պիտի հանգչիք: Յարմար ժամանակին օգնութիւն պիտի ստանաք: Այս օրերուն վտանգ պիտի սպառնայ ձեզի: Զգուշ եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յամառութիւնը կը վնասէ ձեզի: Այս օրերուն կ՛ուզէք ձերբազատիլ կապանքներէ: Շատեր պիտի ուզեն ձեզի անակնկալ ընել: Երեւոյթները այլ ակնոցով պիտի դիտէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լաւ են ձեր պայմանները անձնական գետնի վրայ: Հին կարօտ մը պիտի ապրիք: Հին օրերու սիրելիի մը հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: