ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Կասիկ Խաչերեան եւ զաւակները` Արին, Հայկ եւ Սանան
Օրիորդ Մակի Խաչերեան
Տէր եւ տիկին Գրիգորիս եւ Գեղան Պողարեան
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Անի Տարագճեան եւ դուստրը` Կարին (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Սամ եւ Հելեն Խայեաթ եւ զաւակը` Կարէն
Տէր եւ տիկին Եուսեֆ եւ Շողիկ Նուր եւ զաւակները` Քամալ եւ Նատիմ
Տէր եւ տիկին Նորայր եւ Էլիզապեթ Պողարեան եւ դուստրերը` Վանա եւ Լենա (Աւստրալիա)
Տէր եւ տիկին Մաթիու եւ Լորի Հարեր (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Ռուբինա Եսայեան
Տիկին Սիրուն Իսկենտերեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Խաչերեան եւ Պողարեան ընտանիքներ
Տարագճեան եւ Խայեաթ ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Սարեան ընտանիքներ
Իսկենտերեան եւ Շեհիրեան ընտանիքներ
Չագրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՍԻԼՎԱ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 27 մայիս 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 2 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին եւ գերեզմանատան մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 3 յունիսին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երկուշաբթի, 4 յունիսին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Զալքա
Հինգշաբթի, 31 մայիս 2018 Փակում Մայիսեան Աղօթքներուն
Ժամը 5:30-ին` | Ս. պատարագ |
Ժամը 6:00-ին` | Վարդարան |
Ժամը 6:30-ին` | Լիթանիա եւ քարոզ |
Ժամը 7:00-ին` | Թափօր |
Ուրբաթ, 1 յունիս 2018 Ամսուան Առաջին Ուրբաթ | |
Ժամը 10:30-ին` | Սիրտ Յիսուսի տիկնանց միութեան Ս. պատարագ եւ հիւրասիրութիւն |
Սիրտ Յիսուսի ջերմեռանդութիւն մինչեւ 9 յունիս 2018 տօն Յիսուսի Ս. Սիրտին | |
Ժամը 5:30-ին` | Ս. պատարագ |
Ժամը 6:00-ին` | Ս. ժամի աղօթքներ |
Ժամը 6:30-ին` | Օրհնութիւն Ս. հաղորդութեան |
Կիրակի, 3 յունիս 2018 Գոհաբանական Ս. պատարագ | |
Ժամը 10:30-ին` | Գոհաբանական Ս. պատարագ` մասնակցութեամբ Ա. հանդիսաւոր սուրբ հաղորդութեան երեխաներուն |
—————————————
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ՕԾՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Հանդիսապետութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
2-3 յունիս 2018-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի կատարուի:
Պատարագիչ եւ ձեռնադրիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
(Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմի)
Աբեղայութեան կարգ պիտի ստանան`
– ՊԵՏՐՈՍ ՍՐԿ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
– ՄԿՐՏԻՉ ՍՐԿ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ
ՇԱԲԱԹ | |
Կոչման արարողութիւն` | երեկոյեան ժամը 5:00-ին |
ԿԻՐԱԿԻ | |
Սուրբ պատարագ` | առաւօտեան ժամը 9:30-ին |
Ձեռնադրութիւն` | առաւօտեան ժամը 10:00-ին |
Քարոզ` | առաւօտեան ժամը 11:00-ին |
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու սոյն հոգեպարար արարողութեանց եւ աղօթակից դառնալու մեր սարկաւագներուն` անոնց աստուածահաճոյ ծառայութեան քայլերուն մէջ:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԲԸՄ-Ի ՓԱՐԻԶԻ ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ
Կը ներկայացնէ`
ԴՈԿՏ. ՊՈՐԻՍ ԱՃԵՄԵԱՆ
(ՏՆՕՐԷՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ)
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 1 յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿ
ՀԱՄԵՐԳ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ
Խմբավար` ՅԱՐՈՒԹ ՖԱԶԼԵԱՆ
Սոփրանօ` ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ
Շաբաթ, 9 յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Ս. Աստուածածին վանք, Պիքֆայա:
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը հաճոյքն ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ մանկապարտէզէն մինչեւ պաքալորէայի բոլոր ճիւղերը ընդգրկող դասարաններուն կողքին, 2018-2019 տարեշրջանին պիտի ունենայ նաեւ մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու համար
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԻՔՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ
ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
SPECIAL EDUCATION DEPARTMENT
Ծրագիրը յատուկ է այն աշակերտներուն, որոնք կը դիմագրաւեն`
– Ընթերցանութեան եւ գրաւոր արտայայտութեան դժուարութիւններ
– Ուշադրութեան եւ կեդրոնացումի դժուարութիւններ
– Ընկերային յարաբերութիւններու եւ զգացական դժուարութիւններ
Հետաքրքրուող ծնողները կրնան դիմել վարժարանիս տնօրէնութեան` հեռաձայնելով 01-442594 թիւին:
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԼՈՅԹՆԵՐ
30 ՅՈՒՆԻՍ – 1, 7, ԵՒ 8 ՅՈՒԼԻՍ 2018
«ԻՎՈՒԱՐ» ՇՔԵՂ ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ, ՀԸՐՇ ԹԱՊԵԹ
—————————————
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն: Դիմել` հեռ. 76-695869:
—————————————
ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ ԵՐԻԿԱՄՈՒՆՔ
3 զաւակներու հայր մը անմիջականօրէն եւ յոյսով կը փնտռէ անձ մը, որ կարենայ նուիրել իր երիկամներէն մէկը (A կամ O արեան խմբաւորումով):
Կը խնդրուի հեռաձայնել 03-790698 թիւին:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
1200 քառ. մեթր, օժտուած` ջուրով, կազով, եւ ելեկտրականութեամբ,
Երեւանէն 2 քիլոմեթր հեռու, Վահագնի թաղամասէն ետք,
Վանայ հովիտ թաղամասին դիմաց:
Դիմել` հեռ. 00374 91 157777 թիւին:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ քաղաքապետարանի շէնքեր, 4-րդ յարկ, վերանորոգուած: Դիմել` հեռ. 76-360561:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԻՆ
ԱՌԻԹՈՎ ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 23 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՔԵՐՄԵՍ-ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
23 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018