Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (22 Մայիս 2018)

Մայիս 22, 2018
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿ

ՀԱՄԵՐԳ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ

Խմբավար` ՅԱՐՈՒԹ ՖԱԶԼԵԱՆ

Սոփրանօ` ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ

Շաբաթ, 9 յունիս 2018, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Ս. Աստուածածին վանք, Պիքֆայա:

—————————————

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Մանիա Մկրտիչեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Լուսին Գալթաքճեան եւ զաւակը
Օրիորդ Սիրան Հեքիմեան
Տէր եւ տիկին Սերգօ եւ Վարդուկ Օհաննէսեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիս Հեքիմեան
Տիկին Անժել Հեքիմեան
Իշխանեան եւ Պոյրազեան ընտանիքներ
Գասպար ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՄԻՍԱՔ ՀԵՔԻՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1934-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 մայիս 2018-ին:

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 21 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Նոր Ամանոսի հայ աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ (Թորոսեան դպրոց), ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի աւետարանական համայնքի գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահը, երեքշաբթի, 22 մայիս 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

—————————————

ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին այսու կու գանք տեղեկացնելու, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, կիրակի, 27 մայիս 2018-ին, յընթացս Ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի մասնաւոր Գոհաբանական մաղթանք:

Իւրայատուկ այս առիթով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ աղօթելու Հայաստանի Հանրապետութեան անսասանութեան համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

—————————————

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Գ. ԻՓԷԿԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ

ՄՕՏ ՕՐԷՆ
ՀԱՅՐԵՆԻ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ
ՆԱՐԻՆԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

—————————————

ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԿՈՅՍԵՐՈՒ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ի գիտութիւն հաւատացեալ ժողովուրդին կու գանք տեղեկացնելու, թէ Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ աղօթք երկուշաբթի, 14 մայիսէն երկուշաբթի, 28 մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-էն 8:00, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Աղօթքի աւարտին պիտի փոխանցուի պատգամ թեմիս քահանայ հայրերուն կողմէ:

  • Երեքշաբթի, 22 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն»: Քարոզիչ` Արժ. Տ. Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան:

  • Չորեքշաբթի, 23 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՛աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»: Քարոզիչ` Արժ. Տ. Շնորհք քհնյ. Արթինեան:

  • Հինգշաբթի, 24 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը»: Քարոզիչ` Արժ. Տ. Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան:

  • Ուրբաթ, 25 մայիս 2018

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթք եւ պատգամ: Նիւթ` «Երանի ձեզ, երբ մարդիկ նախատեն եւ հալածեն ձեզ, կամ ստելով` ձեր մասին ամէն տեսակի զրպարտութիւն ընեն իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար: Ցնծացէ՛ք եւ ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքին մէջ»: Քարոզիչ` Արժ. Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան:

  • Երկուշաբթի, 28 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ ջրօրհնէք Սրբոց Հռիփսիմեանց մասունքով:

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ արարողութեանց եւ մասնակից դառնալու այս առիթով տեղի ունենալիք հանդիսաւոր ուխտի Ս. պատարագին ու ջրօրհնէքին եւ օրհնութիւնը ստանալու սրբազան մասունքներէն, որոնք զետեղուած պիտի ըլլան Ս. խորանին վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

—————————————-

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Կիրակի, 27 մայիս 2018

Սուրբ եւ անմահ պատարագ, պատարագիչ`

ԳԵՐՇ. Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆ ժամը 9:30-ին`
Պատգամ` ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ                   ժամը 10:30-ին
Հանրապետական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն ժամը 11:00-ին
Ծաղկեպսակներու զետեղում` Անկախութեան յուշակոթողին առջեւ ժամը 11:45-ին
Սկաուտական տողանցք` Մայրավանքի շրջափակին մէջ ժամը 12:00-ին
Համերգ` Դպրեվանքի ԱՐՄԱՇ երգչախումբին կողմէ ժամը 19:30-ին

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ արարողութեան ու ձեռնարկներուն եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայաստանի անկախութեան համար իրենց արիւնը թափած մեր նահատակներուն ու հերոսներուն եւ վերանորոգելու իրենց քրիստոնէական հաւատքն ու հայրենասիրութիւնը:

—————————————

ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԶՄՄԱՌՈՒ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը կը ծանուցէ, թէ կիրակի, 27 մայիս 2018-ին, Զմմարու Տիրամօր ուխտի օրը տեղի պիտի ունենայ Զմմառու վանքին մէջ:

Ուխտի օրուան թափօրը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ`

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց

առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ:

Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը պիտի կատարուի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:

Այսու կը հրաւիրենք ուխտաւոր հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը բերելու սոյն ուխտագնացութեան եւ հաղորդակից դառնալու Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութեան եւ օրհնութեան:

ԴԻՒԱՆ ԶՄՄԱՌՈՒ
ՎԱՆՔԻ

—————————————

ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

1200 քառ. մեթր, օժտուած` ջուրով, կազով, եւ ելեկտրականութեամբ,
Երեւանէն 2 քիլոմեթր հեռու, Վահագնի թաղամասէն ետք,
Վանայ հովիտ թաղամասին դիմաց:

Դիմել` հեռ. 00374 91 157777 թիւին:

—————————————

 ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ

Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:

—————————————

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

19 ՄԱՅԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

15 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ

ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԱՌԻԹՈՎ ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ

ՇԱԲԱԹ, 23 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

ՔԵՐՄԵՍ-ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

23 ՅՈՒՆԻՍ 2018

—————————————-

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ

25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (10 Մայիս 2025)

Մայիս 10, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (9 Մայիս 2025)

Մայիս 9, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (8 Մայիս 2025)

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?