50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1969)
Մշակութային Կեանքը Պասրայի Մէջ Տասը տարիներու դադարէ մը ետք Պասրայի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը դարձեալ ունեցաւ իր մշակութային յանձնախումբը: Յանձնախումբը աշխատեցաւ ոչ միայն բաց մը գոցելու կամ կարեւոր պահանջ մը գոհացնելու, այլ ամէն ջանք թափեց, որ գաղութի նորահաս սերունդը հաղորդակից դառնայ մեր ժողովուրդի արիւնոտ, բայց շքեղ պատմութեան, մեր դարաւոր սքանչելի գրականութեան, մեր հարուստ մշակոյթին, որպէսզի հիւրընկալ այս ափերուն վրայ անաղարտ...




