ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Դասաւորեցէք ձեր աշխատանքային ժամանակացոյցը: Ճնշող շրջան մըն է` նիւթապէս եւ բարոյապէս: Նոր աշխատանք մը սկսելու հնարաւորութիւնը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Քննարկումեր պիտի կատարէք, եւ ձեր գործերը յաջողութիւն պիտի գտնեն: Աշխուժ եւ խանդավառ պիտի մասնակցիք ձեր շրջապատի գործունէութիւններուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Անձնական կամ ընտանեկան գետնի վրայ հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէն: Հանդարտ մնացէք եւ մի՛ զայրանաք: Ընտանեկան եւ տնային պատասխանատուութիւններ պիտի ծագին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր այցելութիւնները պիտի շատնան: Յստակ եղէք ձեր խօսքերուն մէջ, որպէսզի անհասկցողութիւն տեղի չունենայ: Սխալներ մի՛ գործէք քննութեան ընթացքին:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ եւ նիւթական հարցի մը շուրջ զրոյց մը պիտի ունենաք ձեր գործատիրոջ հետ: Յարմար շրջան է փորձառութիւններու փոխանակման համար: Պիտի անդամակցիք միութեան մը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր տեղքայլի վիճակէն դուրս պիտի գաք եւ պիտի իմանաք արագաշարժ ըլլալու կարեւորութեան մասին: Հինէն մնացած հարց մը պիտի յաջողիք լուծել: Ձեռնածալ մի՛ մնաք, գործի՛ անցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Տկար շրջան մը կ՛ապրիք` զուրկ բախտէ եւ խանդավառութենէ: Ձեր առաջնային պարտականութիւնները կատարեցէք, ապա զբաղեցէք երկրորդական հարցերով: Ամսուան քիչ բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Յարմար ժամանակ է` միանալու խմբակցութեան մը: Պիտի ուրախացնէ ձեզ ձեր ընկերներուն զօրակցութիւնը: Մեծ ժողովրդականութիւն պիտի շահիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ընկերային եւ աշխատանքային նոր շրջան մը պիտի սկսիք: Ճնշող շրջան մըն է, եւ դուք ժամանակ չունիք պարապ բաներով զբաղելու: Ձեր ճնշուած աշխատանքը ձեզի յոգնութիւն պիտի պատճառէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր տրամադրութիւնը կրկին պիտի բարձրանայ: Կը ծրագրէք ճամբորդութիւն մը կատարել: Յարմար շրջան է` ձեր մշակած նոր ծրագիրը յառաջ տանելու:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Առիթ մի՛ տաք, որ ուրիշները գործածեն ձեր դրամները: Մանրամասնութիւնները լաւ սերտեցէք, ապա գործի անցէք: Յարմար շրջան է ձեր կարծիքը եւ տեսակէտը յայտնելու համարձակութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մի՛ զայրանաք եւ վիճաբանութեան մէջ մի՛ մտնէք: Առիթ մի՛ տաք, որ ձեզ ջղայնացնեն: Բարձր պահեցէք ձեր անունը եւ մի՛ աղաւաղէք զայն: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է, մի՛ բարդացնէք մթնոլորտը:
