ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ընտանեկան եւ անձնական գետնի վրայ վիճաբանութիւններ պիտի ունենաք: Պահեցէք ձեր հանդարտութիւնը եւ մի՛ զայրանաք: Ընտանեկան վէճեր պիտի ունենաք եւ` տնային նորոգութիւններ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պիտի արագանայ ձեր կեանքին ընթացքը: Արդիւնաբեր շրջան մըն է, հետեւաբար ձեռնածալ մի՛ մնաք: Աշխատեցէք լուծումներ գտնել ձեր հարցերուն` առանց ժամանակ կորսնցնելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Քննութիւն մը պիտի յանձնէք եւ նիւթական ճնշումներ պիտի ունենաք: Գոհացուցիչ լուծումի մը հասէք եւ յամառութիւն մի՛ ընէք: Կարեւոր շրջան մըն է, որուն ընթացքին շահ մը պիտի ապահովէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Այս շրջանին իրադարձութիւնները եւ լուրերը պիտի շատնան: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ լաւատեսութիւնը: Ձեր դիմաց նոր ու յաջող դռներ պիտի բացուին: Պիտի ուրախանաք հաշտութեան մը համար:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Սեւ մտքերէն եւ վատ տրամադրութենէն հեռու մնացէք: Յուսախաբ պիտի ըլլաք, եւ ձեր գործերը պիտի ուշանան: Քիչ բախտաւոր շրջան մըն է: Բացասական դէպք մը պիտի պատահի:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մթնոլորտը յարաբերաբար պիտի հանդարտի: Հին հարցերը լուծելու համար օգնութիւն եւ զօրակցութիւն պիտի գտնէք ձեր ընկերներէն: Ձեր տրամադրութիւնը շուտով պիտի լաւանայ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Խնդիրներ մի՛ յարուցէք եւ ընդհանուր կարծիքին մի՛ հակառակիք: Արթուն եւ զգօն եղէք: Նոր գործ մը կամ նոր պաշտօն մը պիտի ստանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Բախտաւոր շրջան մըն է, ուրախ եղէք: Մի՛ յանձնուիք, այլ կրկին փորձեցէք: Կարեւոր գործ մը պիտի յաջողցնէք: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ծրագիր մը պիտի գործադրէք: Մէկու մը հետ պիտի հանդիպիք եւ կարեւոր կէտերը պիտի նշանակէք: Մի՛ վախնաք քննարկելէ եւ սակարկելէ: Յամառութենէ եւ ձեր կարծիքը պարտադրելէ հեռու մնացէք: Վարչական գործ մը յառաջ պիտի տանիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Վիճաբանութիւններ մի՛ ստեղծէք: Վստահութեան հետ կապուած հարց մը պիտի ունենաք եւ ստիպուած պիտի ըլլաք ձեր կեցուածքը ճշդել: Դժուարութիւնները պիտի շատնան, բայց, ամէն պարագայի պիտի յաջողիք ձեր պարտականութիւնը կատարել:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր գործերը եւ պատասխանատուութիւնները պիտի շատնան: Օգտակար պիտի դառնաք ձեր ընկերներէն մէկուն: Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Լուսինը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր վրայ: Հանգիստ եւ ապահով պիտի զգաք: Պիտի լեցուիք սիրալիր զգացումներով: Համարձակ էք եւ յաջողութեամբ պիտի արտայայտէք ձեր զգացումները:
