50 Տարի Առաջ (30 Յունուար 1969)
Տարածենք Հայ Թերթը Տարածենք հայ թերթը` ոչ թէ նիւթապէս զայն ապրեցնելու նախանձախնդրութեամբ լոկ, այլ դառնալու համար իրազեկ` հայ մտքի առօրեայ նուաճումներուն: Այլեւս հաստատուած ճշմարտութիւն է, որ մեր գրական առօրեան եւ ստեղծագործական մեր ճիգերուն կարեւորագոյն մասը կը մնան օրաթերթերու մէջ, մեծ մասամբ: Սփիւռքը ներկայիս բաժնուած է գլխաւորապէս ութ գլխաւոր շրջաններու. Իրան, Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Յունաստան, Ֆրանսա, Հիւսիսային Ամերիկա եւ Հարաւային Ամերիկա:...






