ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Աշխատեցէք դասաւորել կացութիւնը եւ սրբագրել ձեր սխալները: Դուք պէտք ունիք աւելի ճկուն դառնալու: Լուծումներ գտէք ձեր հարցերուն եւ հաշտութեան միջոցներ փնտռեցէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մթնոլորտը տագնապալից է: Լաւ կեդրոնացէք ձեր գործերուն վրայ: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է: Եթէ խնայողութեամբ չծախսէք, ձեր պարտքերը պիտի շատնան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր աշխատանքային ժամանակացոյցը դասաւորեցէք: Բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս ճնշող շրջան մը պիտի ապրիք: Նոր աշխատանքի մը հետ ժամադրութիւն պիտի ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Առիթ պիտի ունենաք փոխհատուցելու ձեր կորուստը: Դրական շրջան մըն է, որուն ընթացքին պիտի իրականացնէք ձեր ծրագիրներէն մէկը:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր անձնական պայմանները հնարաւորութիւն պիտի տան ձեզի դրական կամ բացասական պատճառով տուն մնալու: Ճնշող շրջան մըն է: Զգօն եղէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ֆիզիքական եւ մտային մեծ կարողութիւններ ունիք: Մեծ գործեր պիտի յաջողիք իրականացնել: Հեռու մնացէք իրարանցումէ: Աշխատանքի կողքին, ժամանակ տրամադրեցէք հանգիստի:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Նիւթական հարցեր պիտի լուծէք եւ պիտի յաջողիք ձեր պարտքերուն մեծ մասը վճարել: Քաջութեամբ եւ համարձակութեամբ պաշտպանեցէք ձեր իրաւունքները:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մեծ աշխուժութիւն կը դրսեւորէք: Ձեր միտքերը յստակ կ՛երեւին ձեր խօսքերուն մէջ: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Դրական շրջան մը կ՛ապրիք, օգտուեցէք առիթէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: Նոր գործի մի՛ սկսիք եւ որոշում մի՛ տաք: Ձախողութենէ եւ յուսահատութենէ զգուշ եղէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Առիթ պիտի ունենաք ձեր կարծիքը եւ տեսակէտը ներկայացնելու ձեր գործին մէջ: Մինակ մի՛ մնաք, ձեր ընկերներուն հետ ժամանակ անցուցէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Խնդիրներ մի՛ յարուցէք եւ հանրային կարծիքին դէմ մի՛ կենաք: Արթուն եւ զգաստ եղէք: Նոր գործ մը կամ կարեւոր պաշտօն մը պիտի ստանձնէք: Կարգ մը հարցերու նկատմամբ վերապահ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Յարմար շրջան է վերատեսութեան ենթարկելու ձեր պայմանները: Նոր վայր մը կը փափաքիք բացայայտել: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր տնային աշխատանքներուն եւ ընտանիքին: