ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Զօրաւոր բախտ պիտի ունենաք: Յարմար շրջան է աշխատանքային կամ ընտանեկան հանդիպումներ կազմակերպելու: Ուրախ եւ հանգիստ տարէք ձեր աշխատանքները:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Անձնական հարցերով պիտի զբաղիք եւ պահ մը դուրսի աշխարհը պիտի մոռնաք: Պիտի ծագի անձնական հարց մը, որ կը կարօտի քննարկման: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մէկը ձեզի պիտի մօտենայ եւ օգտակար պիտի դառնայ շատ մը հարցերու մէջ: Աշխատանքային նոր շրջան մը պիտի սկսիք: Ձեր ծրագիրներէն մէկը պիտի յաջողցնէք` շնորհիւ ձեր միտքերուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր մտային կարողութիւնները ի գործ դրէք` լուծելու ձեր խնդիրները: Նախանձոտ մարդոցմէ հեռու մնացէք: Ամէն հարցի համար դուք ձեզ մի՛ մեղադրէք: Լաւատես եղէք կեանքին նկատմամբ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Լուսինը ձեր աստղին մէջն է, յաղթանակ մը պիտի իրականացնէք: Ուրիշներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք ձեր յատկութիւններով: Դրական շրջան մըն է, զայն օգտագործեցէք ձեր ծրագիրները յառաջ տանելու կամ նոր էջ մը բանալու համար ձեր կեանքին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր կեանքի ընթացքը պիտի դանդաղի: Համբերող եղէք: Այս միջոցին հանգիստ եւ հանդարտ մնացէք: Թէեւ ամսուան վատ օրերէն մէկն է, բայց դուք լաւատես եղէք, որովհետեւ ամէն բան կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մինակ մի՛ մնաք, աշխատեցէք ձեր ընկերներուն հետ ուրախ ժամանակ անցընել: Օգտակար դարձէք անոնց, որոնք ձեզմէ օգնութիւն կը խնդրեն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր պայմանները ճնշող պիտի ըլլան այս օրերուն: Լաւ դասաւորեցէք ձեր ժամանակը եւ յարգեցէք ձեր ժամադրութիւնները: Ձեր գործը ճշգրտութիւն եւ նրբութիւն կը պահանջէ, պատրաստ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կը փափաքիք նոր փորձառութիւն մը ապրիլ: Յարմար շրջան է` նոր միջավայրի եւ նոր մշակոյթներու բացուելու եւ ծանօթանալու: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր փաստաթուղթերը ապահով եւ լաւ պայմաններու մէջ պահեցէք: Կողմերէն մէկուն հետ հաշտութիւն պիտի կնքէք: Ձեր կարծիքը մի՛ պարտադրէք եւ յամառ մի՛ ըլլաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ քննադատէք եւ դիտողութիւններ մի՛ կատարէք ուրիշներուն: Խօսքային վիճաբանութենէն հեռու մնացէք: Մթնոլորտը բացասական է, խնդիրներ մի՛ յարուցէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Կարեւոր շրջան մըն է` հակառակ որոշ տագնապներու: Ձեր դիրքը արկածախնդրութեան մի՛ ենթարկէք: Մի՛ գանգատիք, այլ ձեր պարտականութիւնը լիուլի կատարեցէք:
