ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կարեւոր հանդիպում մը պիտի ունենաք: Քննութեան պիտի մասնակցիք եւ լաւ արդիւնք պիտի ապահովէք: Ձեր ընկերներուն հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Հանգիստ պիտի չկարենաք ընել ձեր բազմազան գործերուն եւ պարտականութիւններուն պատճառով: Ձեզ գոհացնող եւ ուրախացնող պատասխան մը պիտի ստանաք: Մի՛ չափազանցէք ձեր ծախսերուն մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ տրամադրութիւնը: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս օրերուն: Յաղթանակ մը պիտի ապահովէք եւ լաւ անուն ձեռք պիտի ձգէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր բարեկամներուն եւ հարազատներուն կողքին հաճելի պահեր պիտի ապրիք: Ընտանեկան անցողիկ վէճ մը պիտի ունենաք: Ձեր դրամատնային հաշիւները վերատեսութեան ենթարկեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պէտք է ժամանցի ժամանակ տրամադրէք, որպէսզի քիչ մը թեթեւցնէք ձեր ընկճուած ու ճնշուած վիճակը: Պիտի յաջողիք ամրապնդել ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Խնայողութիւն կատարեցէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պէտք է պաշտպանէք ձեր դիրքը ձեր ընկերութեան մէջ եւ հեռու մնաք անտեղի ըսի-ըսաւներէն: Մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք, եթէ վստահիք ձեր կարողութեան եւ իմաստութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ճկուն եւ առարկայական եղէք քննարկումներու ընթացքին: Առիթ պիտի ունենաք ձեր մէկ երազանքը իրականացնելու: Նիւթական դժուարութիւն մը պիտի յաջողիք լուծել` շնորհիւ ձեր մէկ բարեկամին:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պէտք է նաեւ լսէք ձեր շուրջիններուն կարծիքը` նախքան որոշում տալը: Ձեր անձնական թղթածրարները վերատեսութեան ենթարկեցէք: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Համբերեցէք եւ մի՛ աճապարէք ձեր որոշումներուն մէջ: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, որպէսզի չվտանգէք ձեր հանգիստ ու ապահով կեանքը: Ձեր ներուժը եւ կարողութիւնները օգտագործեցէք բարի նպատակներու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Առիթ մի՛ տաք, որ ձեր պարտականութիւնները կուտակուին: Ձեր պատասխանատուութիւններուն պատճառով բաւական ճնշում եւ նեղութիւն պիտի զգաք: Սիրային արկածախնդրութիւն մը պիտի ապրիք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր կեանքին մէջ նոր եւ ուրախ էջ մը պիտի բանաք: Խանդավառ էք` հանդիպելու ձեր մանկութեան մէկ ընկերոջ: Բարեսիրական օժանդակութեան մը պիտի մասնակցիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Համարձակ եղէք քննարկումներու ժամանակ: Ձեր լաւատեսութիւնը մի՛ կորսնցնէք վաղուան հանդէպ: Կեդրոնացէք ձեր պարտականութիւններու վրայ եւ երկրորդական հարցերով մի՛ զբաղիք:
