Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեզի Պահապան Հովանոցը

Դեկտեմբեր 14, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երբ մենք երկինքը ամպոտ կը տեսնենք, ձեռքերնիս անմիջապէս կ՛երկարենք դէպի հովանոցը: Ան մեր պայուսակին մէջ կը մնայ միշտ պատրաստ… Սակայն գիտէի՞ր, թէ հովանոցը սկզբունքով հնարուած էր պաշտպանուելու համար արեւէն:

Հովանոցը հնարուած է աւելի քան 4000 տարիներ առաջ, եւ մենք ունինք փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, որ Հին Եգիպտոսի, Յունաստանի, Չինաստանի եւ Ասորեստանի մէջ մարդիկ հովանոց կը գործածէին: Այդ առաջին հովանոցները յատկապէս հարուստներու եւ հզօր անձերու առանձնաշնորհումն էր: Պարսկաստանի մէջ միայն թագաւորը կրնար զայն գործածել. ան շինուած էր վուշ կերպասով եւ անոր ծայրերէն երկար կերպասի կտորներ կախուած էին ամբողջական շուք եւ մեկուսացում ապահովելու համար:

Չիները եղած են առաջին անձերը, որոնք անդրադարձած են, թէ հովանոցները կրնան նաեւ գործածուիլ անձրեւի պարագային: Անոնք իրենց թուղթէ շինուած հովանոցները ծածկեցին մոմով եւ ջնարակով` զայն ջրակայուն դարձնելու համար:

***

16-րդ դարուն հովանոցները սկսան երեւիլ արեւմտեան աշխարհին մէջ: Սկիզբի շրջանին միայն կիները զայն կը գործածէին: Անգլիացիները իրենց հովանոցները կը ծածկէին փետուրներով` յուսալով, որ անձրեւին տակ իրենք պիտի չթրջուէին բադերու նման: Սակայն այս լուծումը շատ արդիւնաւէտ չեղաւ: Հետեւաբար հետագային անոնք փետուրները փոխարինեցին իւղոտուած մետաքսով, կերպասով կամ ալփակայի մորթով:

***

1970-ական թուականներու անգլիացի Ճոնաս Հենուէյ ձանձրացաւ անդադար անձրեւէն թրջուելէն եւ մէկ կողմ դնելով ընդունուած սովորութիւնները` սկսաւ հովանոցով պտտիլ Լոնտոնի փողոցներուն մէջ: Մարդիկ սկիզբը անոր վրայ խնդացին. սակայն երբ Հենուէյ մահացաւ 1786-ին, ուրիշ այր մարդիկ արդէն հովանոց կը գործածէին:

Այժմ ամէն մարդ հովանոց կը գործածէ, եւ մենք ընտրութիւնը ունինք տարբեր տեսակի հովանոցներու միջեւ` ծալուող, գրպանի չափով, նոյնիսկ գլխարկի ձեւի տակ:

Ապուր Ուտենք

Այս ցուրտ օրերուն տաքնալու ամէնէն լաւ միջոցներէն մէկը տաք ապուր մը ուտելն է: Սակայն երբեմն ապուր ուտելու գաղափարը մեր ախորժակը չի բանար, եւ մենք կը լսենք մեր ծնողները, որոնք մեզի կը կրկնեն, թէ պէտք է ապուր ուտենք, որպէսզի մեծնանք…

Ճիշդ է, որ եթէ մենք ապուր չուտենք, փոքրիկ պիտի չմնանք, սակայն ապուրը սքանչելի ազդեցութիւն ունի մեր մարմնին վրայ: Ան մեզի կը հայթայթէ ջուր (մեր մարմնին կէսէն աւելի բաղկացած է ջուրէ) եւ բնաթելեր, որոնք մեզի չեն ձգեր, որ մենք անօթենանք եւ ճաշէն ետք պզտիկ բաներ ուտենք: Ասոր կողքին, նայած ապուրին մէջի բանջարեղէններուն, մեր մարմինը կ՛օժտուի մեծ քանակով կենսանիւթերով եւ հանքային նիւթերով, որոնք անհրաժեշտ են առողջ մարմին մը ունենալու համար:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Գիտէի՞ր, թէ կարգ մը թռչուններ ձմեռնային քունի մէջ կը մտնեն:

– Շուկայ իջնելէ առաջ Այ-ֆոն բջիջային հեռաձայնը ճանչցուած էր «Փըրփըլ» անունով:

– Ուրակութանները երբեմն կը սուլեն տերեւներու միջոցով:

– Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան բաժակը կ՛արժէ մօտաւորապէս 290 հազար տոլար:

– Ամէն տարի Անգլիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ խխունջներու մրցում:

– Կարգ մը մողէսներ ունին կանաչ ոսկորներ:

– Մարդիկ ընդհանրապէս նուազ կը քնանան, երբ լիալուսին կ՛ըլլայ:

– «Վոյըճըր 1» առաջին անջրպետանաւն է, որ լքած է արեգակնային դրութիւնը` երկրագունդէն աւելի քան 17.702.784.000 քմ հեռու:

– 420 միլիոն տարիներ առաջ սունկերուն բարձրութիւնը կը հասնէր ընձուղտի մը բարձրութեան:

– Երեւակ մոլորակի լուսիններէն մէկուն վրայ «գետեր» գոյութիւն ունին:

– Գոյութիւն ունի մեքենայ մը, որ քրտինքը կը վերածէ ըմպելի ջուրի:

– Չղջիկներու 1100 տեսակներէն միայն երկուքը կրնան գետնին վրայ քալել:

– Կ՛ենթադրուի, թէ Ափրիկէի գետնին խորերը 100 անգամ աւելի ջուր կը գտնուի, քան` անոր մակերեսին վրայ:

– Խաղաղական ովկիանոսին խորերը գոյութիւն ունի Իտալիոյ մեծութեամբ մարած հրաբուխ մը:

– Լոս Անճելըսի մէջ 1920-ական թուականներէն ի վեր գոյութիւն ունի բանտի մթնոլորտ ներկայացնող «Ճէյլ քաֆէ» անունով սրճարան մը: Հոն բանտարկեալներու պէս հագուած մատուցողներ ճաշը կը բաժնեն բանտի սենեակներու մէջ նստած յաճախորդներուն:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 75` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին նմանող օրինակը:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր շաքարներու խումբին համապատասխանող շուքը:
Ընթրիքին Նարեկը կերաւ 2 կտոր կարկանդակ եւ 3 հատ քրեփ: Սարինը եկաւ Պետիկէն 2 կտոր կարկանդակ աւելի եւ Նարեկէն 3 քրեփ աւելի: Պետիկը կերաւ Նարեկէն 2 անգամ աւելի պակաս կարկանդակ եւ Սարինէն 3 անգամ աւելի նուազ քրեփ: Քանի՞ կտոր կարկանդակ եւ քրեփ կերան Սարինն ու Պետիկը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1969)

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի 90-ամեակի Նուիրուած 2020-ի Օրացոյցը

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?