ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Նոր գործի մը առաջարկը պիտի ստանաք: Ձեր առողջութեան պէտք է հոգ տանիք: Ձեր հաւատարիմ ընկերներուն դիմեցէք նեղութեան ժամանակ: Դուք պէտք ունիք դրական լիցքաւորման:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխուի, եւ դուք պիտի հանգստանաք: Ձեր ձախող փորձերէն մի՛ յուսահատիք, կրկին փորձեցէք, մինչեւ որ յաջողիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դէպքի մը պատճառով պիտի մտահոգուիք: Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք: Մի՛ մեղադրէք ձեր շուրջինները` անարժէք բաներու համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Նիւթական հարց մը պիտի քննարկէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ: Ձեր դժուարութիւնը պիտի վերանան` շնորհիւ ձեր առարկայական մօտեցումներուն եւ լուծումներուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Առողջական ծախսեր պիտի ունենաք, խնայողութիւն կատարեցէք: Առիթը ձեր ձեռքէն մի՛ կորսնցնէք: Լաւ լսեցէք մասնագէտներուն խորհուրդները:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Կարեւոր որոշում մը պիտի տաք այս շրջանին: Նշան մը պիտի ստանաք եւ պիտի սկսիք իրագործել ձեր ծրագիրը: Դրական եւ արդիւնաբեր շրջան մըն է, օգտուեցէք առիթէն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքի ընթացքը պիտի դանդաղի զգալի չափով: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի վատանայ: Այս շրջանին մի՛ ստորագրէք պայմանագիր: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մի՛ աճապարէք, որպէսզի սխալի մէջ չիյնաք: Պատասխանատուութիւնները պիտի ճնշեն ձեր վրայ: Դժուար շրջան մըն է, ճկուն եւ դիւանագէտ եղէք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր ընկերային կեանքը պիտի աշխուժանայ: Հաճելի եւ ուրախ պահեր պիտի ապրիք ձեր հարազատներուն հետ: Աշխատանքային օրուան մը ընթացքին երթեւեկութիւնը պիտի յոգնեցնէ եւ սպառէ ձեր ուժերը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Մի՛ աճապարէք քննադատելու ձեզի տհաճ թուացող երեւոյթները: Ամէն վատ արարքի մէջ լաւն ու բարին փնտռեցէք: Սիրելիի մը կորուստը մեծ ցաւ պիտի պատճառէ ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր փաստագրական թուղթերու պատրաստութեան հետեւեցէք: Հեռու մնացէք յուսահատեցնող երեւոյթներէն: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք, եւ ձեր տրամադրութիւնը` պիտի փոխուի:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ջղային պիտի ըլլաք այս շրջանին: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է, բայց մի՛ յուսահատիք: Ձեզ հոգեպէս պիտի հանգստացնէ օժանդակութեան մը տրամադրումը` կարիքաւոր մարդոց: