ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Եթէ պէտք ըլլայ, փոխեցէք ձեր առաջնահերթութիւնները: Յամառութիւն մի՛ ընէք: Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք ձեր գործին մէջ: Նիւթական կոկիկ շահ մը պիտի ապահովէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Սերտեցէք եւ ուսումնասիրեցէք ձեր ունեցած բոլոր տուեալները: Մի՛ անտեսէք փոքր մանրամասնութիւնները: Հանդարտութեամբ եւ համարձակութեամբ արտայայտեցէք ձեր կարծիքն ու կեցուածքը: Կորուստի մի՛ մատնէք ձեր ճիգերը: Ձեր կեանքին ընթացքը պիտի արագանայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Յարմար լուծումներ ունիք ձեր ընկերներուն վերաբերող հարցերուն: Կ՛որոշէք քայլ մը առնել կամ որոշում մը տալ գալիք օրերուն: Դրական շրջան մըն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Դիւրաւ պիտի շարունակէք ձեր սկսած ծրագիրը: Նորութիւն մը պիտի մտնէ ձեր կեանքին մէջ: Աշխուժ պիտի ըլլաք այս օրերուն: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր քննարկումները կրնան ձախողիլ ձեր թշնամական կեցուածքին եւ բնաւորութեան պատճառով: Ձեր լեզուն ձեզի պահեցէք եւ ձեր անունը մի՛ աղաւաղէք: Պատասխանատու եւ արթուն կեցէք: Կոշտ մի՛ վարուիք ուրիշներուն հետ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր առաջնահերթութիւնները պիտի փոխուին: Աշխուժութեամբ պիտի աշխատիք մինչեւ օրուան աւարտը: Ձեր ծրագիրները, ընելիքներն ու պարտականութիւնները պիտի շատնան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պէտք է յարգէք աւանդութիւնները եւ օրէնքները: Զիջումներ կատարեցէք եւ հրաժարեցէք ձեր առած կարգ մը քայլերէն, որոնք ատելութիւն եւ նեղութիւն պատճառած են ոմանց: Նոր աշխատանքով մը պիտի զբաղիք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Տկար շրջան մըն է, եւ դուք պիտի ենթարկուիք ձախողութեան կամ վնասի: Հանդարտ մնացէք եւ որոշում մի՛ տաք: Յուսախաբ պիտի ըլլաք նաեւ աշխատանքային գետնի վրայ: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մթնոլորտը պիտի մեղմանայ, եւ կեանքը իր բնականոն ընթացքը պիտի գտնէ: Յաջողութիւնը ձեզի պիտի ընկերանայ: Ձեր աշխատանքը համարձակութեամբ կատարեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Զիջումներ կատարեցէք, որպէսզի դիւրութեամբ ընթանան ձեր գործերը: Օգնութիւն խնդրեցէք ձեր ընկերներէն: Պէտք է խնայողութիւն կատարէք, որպէսզի նիւթական դժուարութիւն չունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Անակնկալի պիտի գաք ձեզի հաճելի չեղող երեւոյթներով` հակառակ նախապէս կատարած ձեր դասաւորումներուն: Խորունկ շունչ առէք ու բծախնդրութեամբ կատարեցէք ձեր գործը:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պատրաստ եղէք դժուար ու յոգնեցնող պայմաններու: Դիզուած պատասխանատուութիւններ պիտի ունենաք: Մի՛ թերանաք ձեր գործերուն մէջ: Ձեզի լաւ ապագայ մը կը սպասէ: