Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ստացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի անցեալ մրցաշրջանի լաւագոյն յառաջապահի մրցանակը:
Լաւագոյն բերդապահի մրցանակին արժանացաւ Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ հաւաքականի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն:
Լաւագոյն յետսապահ ճանչցուեցաւ Ռէալ Մատրիտի խմբապետ, Սպանիոյ ազգային խումբի անդամ Սերխիօ Ռամոս:
Լաւագոյն միջնապահի մրցանակը ստացաւ Ռէալ Մատրիտի խրուաթ աստղ Լուքա Մոտրիչ:
ՈւԵՖԱ-ի նախագահի յատուկ մրցանակին արժանացաւ Ա.Էս.Ռոմայի վեթերան խմբապետ, ֆութպոլիստի ասպարէզը աւարտած Ֆրանչեսքօ Թոթի:



