Թայուանի Թայփէյ քաղաքին մէջ ընթացող ամառնային 29-րդ համաշխարհային ուսանողական խաղերուն մէջ, ուշուիստ Կարապետ Թեւոսեան (70 քկ) հասաւ կիսաւարտական եւ առնուազն պրոնզէ մետալ ապահովեց:
Քառորդ աւարտականին Կարապետ Թեւոսեան յաղթեց Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչ Եւկենի Սլիպցովին:
Մենամարտի առաջին ռաունտը կ՛ընթանար ի նպաստ Եւկենի Սլիպցովի` 1-0:
Սակայն դադարէն ետք Կարապետ Թեւոսեան բացայայտ առաւելութիւն ստացաւ եւ մրցակիցը ստիպուած… «անձնատուր եղաւ»… չշարունակեց մենամարտը:
Թեւոսեանը կիսաւարտականին կը մրցի իրանցի Ճաֆար Շիրզատէի հետ: