Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ ընթացող բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքը յաղթանակով սկսաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Պաչքով:
Եւրոպայի ախոյեանը 64 քկ ծանրութեան դասակարգին մէջ մենամարտեցաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Պեքտաուլեթ Իպրահիմովի հետ եւ յաղթեց իրաւարարներու որոշումով` 3-2 արդիւնքով:
Առաջին ռաունտը աւարտեցաւ Յովհաննէս Պաչքովի առաւելութեամբ:
Նոյն աշխուժութեամբ եւ հարուածներով Պաչքով շարունակեց երկրորդ ռաունտը: Երրորդ ռաունտին Ղազախստանի ներկայացուցիչը աշխուժացաւ եւ հարուածներու շարքով սկսաւ յարձակիլ: Յովհաննէս Պաչքով մրցակիցին քանի մը ուժգին հարուածները ստացաւ, սակայն Ղազախստանի ներկայացուցիչին հարուածները անպատասխան չէին մնար:
Երրորդ ռաունտին երկու բռնցքամարտիկներն ալ հաւասար պայքար կը տանէին:
Մենամարտի աւարտի ազդանշանը տրուելուն պէս, Ղազախստանի ներկայացուցիչը արդէն իր յաղթանակը կը տօնէր, բայց… ռինկի իրաւարարը բարձրացուց Յովհաննէս Պաչքովի ձեռքը: