Մանչեսթըր Եունայթըտ յայտարարեց Զլաթան Իպրահիմովիչի հետ համաձայնագիր կնքելու մասին: Անգլիական ակումբի եւ շուէտ յառաջապահի հերթական գործակցութիւնը նախատեսուած է տարիով մը:
«Մենք ուրախ ենք, որ Զլաթան ապաքինումի ընթացքի մէջ է, եւ հաւասարապէս ուրախ ենք իր ձգտումը եւ փորձառութիւնը մեզի հետ ունենալու: Կասկած չունիմ, որ այս եղանակի երկրորդ կիսուն ինք կարեւոր պիտի ըլլայ», ըսաւ մարզիչ Մորինիօ:
Իպրահիմովիչ իր կարգին ըսաւ. «Վերադարձած եմ սկսածս աւարտելու համար: Իմ եւ ակումբի ցանկութիւնը միշտ ալ եղած է, որ ես մնամ: Անհամբեր կը սպասեմ վերադարձիս Օլտ Թրաֆորտ: Շատ աշխատած եմ, բայց պէտք է համոզուիմ, որ արդէն պատրաստ եմ: Պիտի շարունակեմ աշխատիլ, որպէսզի լաւագոյն մարզական վիճակի վերադառնամ»:
35-ամեայ ֆութպոլիստը անցեալ մրցաշրջանին մասնակցած է 46 խաղի, նշանակած` 28 կոլ: