Էվերթընի 31-ամեայ յառաջապահ Ուէյն Ռունի յայտարարեց Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մէջ իր ասպարէզը աւարտելու մասին:
«Ես շնորհակալ եմ բոլորին, որոնք օգնած են ինծի այս ընթացքին, բայց կը զգամ, որ եկած է հեռանալու պահը: Շատ դժուար է այսպիսի որոշում տալը», ըսած է Ռունի:
2003 թուականի 7 փետրուարին, 17 տարեկանին ազգային հաւաքականի տարազով իր առաջին մրցումը կատարելէ ետք, Ռունի մասնակցեցաւ հաւաքականի 119 մրցումներու` նշանակելով 53 կոլ(Անգլիոյ հաւաքականի մրցանիշ): Ռունի Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մէջ կոլ նշանակած ամէնէն երիտասարդ մարզիկն է. 17 տարեկան 317 օր: