Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունեց Աշխարհի Ախոյեաններ Արթուր Ալեքսանեանը Եւ Մաքսիմ Մանուկեանը

August 29, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  ընդունեց յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ժամանակ ոսկի մետալներ նուաճած, աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, 2016 թուականի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկիէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեանը եւ աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեանը:

Տեսակցութեան նոյնպէս ներկայ եղան Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ճուլֆալաքեան եւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց  մարզիկները` փայլուն արդիւնքներով հայրենիք վերադառնալնուն առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց յաղթանակով մեր ամբողջ ժողովուրդին ուրախութեան եւ հպարտութեան պահեր պարգեւելու, բարձր տրամադրութիւն հաղորդելու, մեր ժողովուրդը աշխարհին աւելի ճանաչելի դարձնելու համար:

Նախագահը նոյնպէս կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ յաղթանակած մարզիկները իրենց օրինակով ուղենիշ կը դառնան երեխաներու եւ այլ երիտասարդներու համար, որոնք կ՛ոգեշնչուին, կը ձգտին նմանիլ անոնց, կը դառնան ա՛լ աւելի աշխատասէր ու նպատակասլաց:

Սերժ Սարգսեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանէն եւ գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ճուլֆալակեանէն հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի մէջ ըմբշամարտի զարգացման համար առաւել բարենպաստ պայմաններու ստեղծման աշխատանքներուն ընթացքով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց, անհրաժեշտութեան պարագային, աջակցութիւն ցուցաբերելու այդ աշխատանքները ժամանակին եւ պատշաճ իրականացնելու համար:

Հանդիպման մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին հանրապետութեան նախագահին` մարմնակրթութեան զարգացման եւ մարզիկներուն նկատմամբ մնայուն ուշադրութեան ու հոգածութեան համար` ընդգծելով, որ ատիկա ամէն անգամ աւելի կ՛ոգեւորէ եւ կը պարտաւորեցնէ հասնելու նոր յաջողութիւններու:

 

Նախորդը

Բռնցքամարտի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Պաչքով Յաղթանակով Սկսաւ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.