Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Խաղերը Շատ Հետաքրքրական Էին Հենրիխ Մխիթարեան Կրկնեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի Մրցանիշը Մեսի Նշանակեց Իր 351-րդ Կոլը Նէյմար Մեծ Ներդրում Ունեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի Յաղթանակին

August 28, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիա. Գ. Հանգրուան

Մանչեսթըր քաղաքի խումբերը դժուար յաղթանակներ նուաճեցին: Մեր տղան` Հենրիխ Մխիթարեան կրկնեց «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցանիշը կոլային փոխանցումներու քանակով առաջին երեք մրցումներուն ընթացքին: Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահը արդէն կատարած է 5 կոլային փոխանցում` հաւասարելով 1994-1995 թուականներու ախոյեանութեան մրցաշարքին Ռուել Ֆոքսի մրցանիշին:

Մրցումէն ետք Մխիթարեան ընկերային ցանցերուն մէջ գրած է. «Ուրախ եմ, որ կրկին կոլային փոխանցում կատարեցի: Շնորհակալ եմ խմբակիցներուս, որ կոլի կը վերածեն իմ ստեղծած պահերս: Կը շարունակեմ նոյն կշռոյթով: Կը յուսամ, որ ընթացիկ մրցաշրջանին բազմաթիւ կոլերու եւ կոլային փոխանցումներու հեղինակ կը դառնամ»: Իսկ կոլը նշանակած Ռաշֆորտ գրած է. «Կատարեալ գնդակ էր, որ կոլի վերածուեցաւ: Ես այդքան ալ շատ բան չունէի ընելիք: Մխիթարեան մեծ ուժով հարուածեց գնդակին, եւ այդ պատճառով մրցակիցները չհասան տեսնելու եւ հեռացնելու գնդակը: Ճիշդ այդպիսի փոխանցումը բերաւ կոլը»:

Պուրնըմաութ իր դաշտին վրայ չկրցաւ գոնէ կէտ մը շահիլ Մանչեսթըր Սիթիէն, որ յաղթեց 97-րդ վայրկեանին նշանակուած կոլով, որուն հեղինակը` Սթերլինկ, դաշտէն վտարուեցաւ արտառոց տօնակատարութեան համար:

Լիվըրփուլ բաւական դժուարացուց արդէն իսկ բարդ վիճակի մէջ գտնուող Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկերի գործը` չորս անգամ ռմբակոծելով լոնտոնեան կազմին բերդը:
Լոնտոնեան այլ կազմ մը` Թոթընհամ, 92-րդ վայրկեանին կոլ մը ստանալով կորսնցուց երկու ոսկի կէտեր:

Պուրնըմաութ – Մանչեսթըր Սիթի 1-2
Քրիսթալ Փալաս – Սուանզի Պըրնլի 0-2
Հատըրսֆիլտ – Սաութհեմփթըն 0-0
Նիւքասըլ – Ուեսթ Համ 3-0
Ուաթֆորտ – Պրայթըն 0-0
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Լեսթըր 2-0
Չելսի – Էվըրթըն 2-0
Ուեսթ Պրոմուիչ – Սթոք Սիթի 1-1
Լիվըրփուլ – Արսենալ 4-0
Թոթենհամ – Պըրնլի 1-1

Ֆրանսա. Գ. Հանգրուան

Փարիզ Սեն Ժերմենի յաղթանակին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ պրազիլցի աստղ Նէյմար, որ 2 կոլային փոխանցում կատարեց եւ հնարամիտ, ճկուն շարժուձեւերով հմայեց երկու խումբերուն համակիրները: Կոլերով, դեղին եւ կարմիր քարտերով հարուստ եղաւ Թուլուզ-Ռեն մրցումը, իսկ բաւական տաք` Մոնաքօ – Մարսէյ խաղը:

Փարիզ Սեն Ժերմեն – Սենթ Էթիեն 3-0
Նանթ – Լիոն 0-0
Ամիեն – Նիս 3-0
Պորտօ – Թրոյէ 2-1
Քան – Մես 1-0
Տիժոն – Մոնփելիէ 2-1
Թուլուզ – Ռեն 3-2
Կենկան – Սթրազպուրկ 2-0
Մոնաքօ – Մարսէյ 6-1

Սպանիա. Բ. Հանգրուան

Պարսելոնա աներես հիւր մը եղաւ  Ալաւեսի դաշտին մէջ` 2 անգամ գրաւելով տանտէրերուն բերդը, շնորհիւ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսիի երկու կոլերուն: Ատոնցմէ առաջ Մեսի չկրցաւ կոլի վերածել փենալթի մը: Այս մրցումին Մեսի նշանակեց իր 350-րդ եւ 351-րդ կոլերը Սպանիոյ ախոյեանութեան մէջ:

Աթլեթիքօ Մատրիտ աւելի աներես հիւր էր. հինգ անգամ ցնցեց զինք հիւրընկալող Լաս Փալմասին բերդն ու անոր համակիրներուն սիրտերը:

Ռէալ Մատրիտ – Վալենսիա մրցումին տանտէրերուն կազմէն կրկին բացակայեցաւ Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումը վերջերս նուաճած Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (կախակայուած):

Ալաւես – Պարսելոնա 0-2
Ժրոնա – Մալակա 1-0
Լեւանթէ – Տեփորթիվօ Լա Քորունա 2-2
Լաս Փալմաս – Աթլեթիքօ Մատրիտ 0-5
Էլպար – Աթլեթիքօ Պիլպաօ 0-1
Էսփանիոլ – Լեկանես 0-1
Կեթաֆէ – Սեւիլա 0-1
Ռէալ Մատրիտ – Վալենսիա 2-2

Գերմանիա Բ. Հանգրուան

Պորուսիա Տորթմունտ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով  յաղթելով Հերթա Պերլինի, կոլերու տարբերութեամբ եւ 6 կէտով  գրաւեց աղիւսակին առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով Պայերն Միւնիխը եւ Համպուրկը: Միւնիխի լեհ յառաջապահ Լեւանտովսքի նշանակեց երկու կոլ: Պայերն Միւնիխի հիմնական կազմ վերադարձաւ Գերմանիոյ ազգային խումբի բերդապահ Մանուել Նոյեր, որ ապրիլին վիրաւորուած էր:

Պայեր Լեւերքուզեն – Հոֆենհայմ 2-2
Ա. Ֆրանքֆուրթ – Ուոլֆսպուրկ 0-1
Օկսպուրկ – Մէօնշնկլատպախ 2-2
Շթութկարտ – Մայնց 1-0
Վերտըր Պրեմըն – Պայերն Միւնիխ 0-2
Պորուսիա Տորթմունտ – Հերթա Պերլին 2-0
Լայփցիկ-Ֆրայպուրկ 4-1
Հանովըր – Շալքէ 1-0

Իտալիա Բ. Հանգրուան

Կոլերու իսկական փառատօն եղաւ Իտալիոյ մէջ:

Տիպալայի հեթրիքը (14,45+3 փենալթի, 92) ապահովեց Եուվենթուսի արժանի յաղթանակը մրցակիցին դաշտին վրայ: Ռոմա-Ինթեր մրցումին կոլերու հաշիւը բացին տանտէրերը շնորհիւ 15-րդ վայրկեանին Տզեքոյի նշանակած կոլին, սակայն հիւրերը շատ ալ քաղաքավար չէին երեւեր եւ երկրորդ կիսախաղին երեք կոլեր նշանակելով Ռոմայի համակիրները տխուր ղրկեցին իրենց տուները:

Պենեւենթօ – Պոլոնիա 0-1
Ճենովա – Եուվենթուս 2-4
Ա.Էս.Ռոմա – Ինթեր Միլան 1-3
Թորինօ – Սասուոլօ 3-0
Ա.Սէ.Միլան – Քալիարի 2-1
Քիեւօ – Լացիօ 1-2
Քրոթոն – Վերոնա 0-0
Ֆիորենթինա – Սամտորիա 1-2
Նափոլի – Աթալանթա 3-1
Սփալ – Ուտինեզէ 3-2
Նախորդը

Ֆլոյտ Մէյվեզեր Յաղթեց Քոնոր Մաքկրեկորին

Յաջորդը

Սփիւռքը քաղաքական առաքելութիւն է

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.