Շարունակելով իր յաղթական ելոյթներու շարքը, երէկ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ ապահովեց Ասիոյ պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան աւարտականի իր տոմսը` 74-64 արդիւնքով յաղթելէ ետք Իրանի ախոյեան Փեթրոշիմիի:
Չինաստանի Զանչու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան աւարտականին, Ռիատի այսօր, կէսօրուան ժամը 12:15-ին կը մրցի Չինաստանի ախոյեան Չայնա Քաշկարի դէմ:
Այսպիսով, Ռիատի չորրորդ անգամ ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:


