Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումները տեղի կ՛ունենան այսօր` շաբաթ, 30 սեպտեմբերին:
Առաջին մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, իրարու դէմ պիտի հանէ ՀՄԸՄ-ը եւ Շանվիլը:
Ապա, այս մրցումին պիտի յաջորդէ Պէյրութ-Անթունիէ հանդիպումը, որ սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն յաղթանակ արձանագրելու եւ անոր շնորհիւ ապահովելու աւարտականի իրենց տոմսը:
Յայտնենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք այս մրցումին ներկայ գտնուիլ փափաքողները Մըզհերէն, Ֆանարէն, Ռաուտայէն եւ Պուրճ Համուտէն յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին պիտի փոխադրեն Շիահի մարզադաշտը:
Աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 1 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին:


