Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը նախորդ շաբաթավերջին բացուած յայտարարուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ գերբաժակի մրցումը` Պէյրութի դրամատան եւ Շապապ Էշրեֆիէի միջեւ:
Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը տիրացաւ տիտղոսին` 5-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրելով: Ալի Թանիշ նշանակեց 2 կոլ, մինչ մնացեալ կոլերը, նշանակեցին սերպ Տրական Թոմիչ, Մեհտի Քպէյսի եւ Սթիւ Կէօքզեան:
Աւարտին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահըֆ, ներկայութեամբ Պէյրութի դրամատան նախագահ Հիքմաթ Պիքայիի եւ խումբին այլ պատասխանատուներուն տիտղոսը յանձնեց յաղթական կազմին:



