«Ֆորմիւլա – 1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին «Ռետ Պուլ»-ի հոլանտացի վարորդ Մաքս Վերսթափեն անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց Մալեզիոյ կրան փրիին:
Անոր այս յաղթանակը եղաւ յիշատակելի` նկատի ունենալով, որ նոյն օրը (1 հոկտեմբեր), ան կը տօնէր իր ծննդեան 20-րդ տարեդարձը:
Վերսթափեն, որ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց, ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 30’01” արդիւնք մը: Անոր ետին երրորդ դիրքը գրաւեց «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն (12” ուշ), մինչ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Վերսթափենի աւստրալիացի խմբակից, Տանիել Ռիքիարտօ (22” ուշ):
Այս կրան փրիին ընթացքին յաւելեալ 18 կէտ ապահովելով Հեմիլթըն ամրապնդեց իր դիրքը վարորդներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ` 281 կէտով: Անոր ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել (247 կէտ): Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Հեմիլթընի ֆինլանտացի խմբակից Վալթերի Պոթթաս (222 կէտ):
Իսկ խումբերու ընդհանուր դասաւորման մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ «Մերսետես» (503 կէտ), ապա` «Ֆեռարի» (385) եւ «Ռետ-Պուլ» (270):



