Վրացական Զուկտիտիի բերդապահ Շոթա Մամինաշվիլի իր կազմին կատարած մէկ մրցումէն առաջ, փորձերու ընթացքին իր ուշքը կորսնցնելով գետին ինկաւ: 31 տարեկան բերդապահը հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք մահացաւ, կը յայտնէ վրացական մամուլը:
Մամինաշվիլի, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծ մասին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Պաթումի Տինամոյին, այս տարեշրջանին սկիզբը միացաւ Զուկտիտիի:



