5 հոկտեմբերին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Հայաստան-Լեհաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի զտումի, որ կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի զտումին մրցաշարքին ծիրին մէջ:
«Եու. Է.Էֆ.Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սլովենիայէն:
Կեդրոնի իրաւարարն է` Մաթէյ Եուկ, իսկ կողմի իրաւարարները` Մաթէյ Զունիչ եւ Մանուէլ Վիտալ:
37 տարեկան Եուկ 2007-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ի իրաւարար է: Ան իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ 2004-ին:
Հայրենի կազմը, որ երթին Լեհաստանի մէջ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ իր յոյսերը կորսնցուցած է Ռուսիոյ տոմս մը ապահովելու գծով:
Իսկ Լեհաստանի կազմը այժմ 19 կէտով կը գրաւէ Ե. խմբակին պարագլուխի դիրքը եւ մեծ յոյս ունի հասնելու աւարտական հանգրուան Մոնթենեկրօ եւ Դանիա ունին 16-ական կէտ, Ռումանիա` 9, Հայաստան` 6, իսկ Ղազախստան` 2:



