Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի Փիւնիկ Երեւանի եւ Ուլիսի նախկին միջնապահ Աղուան Պապիկեան, ինչպէս նաեւ անոր եղբայրը` Վոլոդիա Պապիկեան Լեհաստանի քաղաքացիութիւն ստացան:
23 տարեկան Աղուան Պապիկեան այս ամրան ընթացքին տեղափոխուեցաւ Ռաքով, որ Լեհաստանի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն մէկն է: Վոլոդիա Պապիկեան մաս կը կազմէ լեհական Պելխաթովի: Անոնք երկուքն ալ ծնած են Լեհաստանի մէջ:



