Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թատամոն Զուքի Ճակատագիրը` Անորոշ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի նախօրեակին եւ անոր ազդանշանին տրուելէն շուրջ 10 օր առաջ, ցարդ անորոշ է, թէ Թատամոն Զուք իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ՞ ախոյեանութեան: Ինչպէս ծանօթ է, Թատամոնի դէմ սահմանուած է պատիժ, որուն հիման վրայ ակումբին արգիլուած է օտար մարզիկներու հետ բանակցութիւններ կատարել: Ներկայ դրութեամբ բնականաբար տեղացի մարզիկներով ախոյեանութեան մասնակցիլը անիմաստ կը թուի ըլլալ, հակառակ անոր...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում` Ահտի Եւ Սուրիական Բանակի Հաւաքականին Միջեւ

Այսօր` ուրբաթ, 6 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտ բարեկամական մրցում մը կը կատարէ սուրիական բանակի հաւաքականին հետ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ (օդակայանին ճամբան): Ահտէն պիտի բացակային Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող մարզիկներ Մըհտի Խալիլ, Նուր Մանսուր, Հայսամ Ֆահուր, Մոհամետ Հայտար եւ Սամիր Այյաս: Ներկայիս սուրիական բանակի հաւաքականը Լիբանան կը գտնուի յատուկ բանակումի...

2030-ի Մոնտիալ. Արժանթին, Ուրուկուէյ Եւ Փարակուէյ Կ՛ուզեն Ներկայացնել Միացեալ Առաջարկ Մը

Հիւրընկալելու համար 2030-ի մոնտիալը` Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Փարակուէյ պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ որոշեցին միացեալ առաջարկ մը ներկայացնել այս ուղղութեամբ: 2030-ին կ՛ամբողջանայ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան 100-ամեակը: Առաջին ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրուկուէյի մէջ` 1930-ին: Արժանթին այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալեց 1978-ին, մինչ Փարակուէյ զայն հիւրընկալելու բախտը ցարդ ունեցած չէ: «Սփոքսմըն-Ռիվիու» կը հաղորդէ, որ վերոնշեալ երեք երկիրներուն պատասխանատուները նման յայտարարութիւն կատարեցին Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ 13 Հազար Աթոռ Պիտի Աւելցնէ «Օլտ-Թրեֆորտ»-ի Մէջ

«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբի տնօրէնութիւնը որոշեց ընդլայնել «Օլտ Թրեֆորտ»-ի իր մարզադաշտը: Կը նախատեսուի 13 հազար աթոռ աւելցնել անգլիացի անուանի ֆութպոլիստ Պոպի Չարլթընի անունը կրող թրիպիւնին մէջ: Այս ծրագիրին իրագործումէն ետք, «Օլտ Թրեֆորտ» պիտի կարենայ հիւրընկալել 88 հազար հանդիսատես: Ներկայ դրութեամբ «Օլտ Թրեֆորտ»-ը Անգլիոյ երկրորդ մեծագոյն մարզադաշտը կը նկատուի` Լոնտոնի «Ուեմպլի»-էն ետք (90 հազար): Եւրոպայի մեծագոյն...

Ռէալ Մատրիտ Պատրաստ Է 200 Միլիոն Եւրօ Վճարելու Հերի Քէյնի Համար

«Տոն Պալոն»-ի համաձայն, Ռէալ Մատրիտ 2018-ի ամրան պատրաստ է Թոթենհամին առաջարկելու 200 միլիոն եւրօ` ձեռք ձգելու համար անոր յառաջապահ Հերի Քէյնը: 2016-2017 տարեշրջանին ան հանդիսացաւ «Փրեմիեր-լիկ»-ի լաւագոյն ռմբարկուն` 30 մրցումի ընթացքին նշանակելով 29 կոլ: Երկրին ֆութպոլի համակիրներուն կողմէ ան ճանչցուեցաւ տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը` ստանալով արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութեան մրցանակը: Նշուեցաւ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիկին` Քէյնի փոխանցման այդ գումարին մէկ...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց 19-րդ Ախոյեանութեան. Կիրակի, 8 Հոկտեմբերին Պաշտօնական Բացում` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, կը հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի 19-րդ ախոյեանութիւնը: ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութիւնը կու գայ տեղեկացնելու, թէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող այս ախոյեանութեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 8 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի մեծ թիւով ներկայ գտնուիլ...

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր` Հայաստան – Լեհաստան

Այսօր` հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր դաշտին վրայ կը կատարէ իր վերջին մրցումը` հիւրընկալելով Լեհաստանը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Եթէ Հայաստան իր յոյսերը կորսնցուցած է Ռուսիոյ համար տոմս մը ապահովելու առումով, անդին Լեհաստան կը պայքարի անոր համար եւ ամէն գնով յաղթանակի կարիքը ունի` Ե. խմբակին պարագլուխի դիրքին վրայ...

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Զտումի 9 Մրցումներ

Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ այսօր տեղի կ՛ունենան 2018-ի մոնտիալի զտումի 9 մրցումներ` Գ., Ե. եւ Զ. խմբակներուն մէջ: Գ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Գերմանիա, որ ցարդ իր կատարած 8 մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, հիւրը պիտի ըլլայ Հիւսիսային Իրլանտայի, որ 19 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը: Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստան կը հիւրընկալէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Լեհաստանը, որ ունի 19 կէտ:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետի 3 Օտարական Մարզիկները Յստակացան

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին, որուն ազդանշանը շատ հաւանաբար տրուի 15 հոկտեմբերին (ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու), գրեթէ բոլոր կազմերն ալ ամբողջացուցին իրենց օտարականները: Սաժես եւս որոշ ձեւով կրցաւ ունենալ իր կազմը (հակառակ իր ունեցած դժուարութիւններուն), մինչ Թատամոն Զուքի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ: Հիւսիսային Լիբանանի ներկայացուցիչ Մութթահետ Թրիփոլի ամբողջացուց իր 3 օտարական մարզիկները, երբ խումբին վերջին միացողը եղաւ...

Lebanon-football-federation

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հարցերուն վերաբերող իր որոշումները, քննարկեց օրակարգին վրայ եղող խնդիրները: Հինգ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկուելէ բացի, Նըժմէ պիտի վճարէ «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանին կրած նիւթական վնասները, որոնց պատճառը իր համակիրներուն անկարգութիւնն էր: Ասկէ բացի, Նըժմէ իր կարգ մը մրցումները (ճշգրիտ թիւը` ցարդ անորոշ) պիտի կատարէ դռնփակ`...

Ֆութսալ. Ախոյեանն Ու Փոխախոյեանը Յաղթանակով Սկսան Նոր Տարեշրջանը

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը առանց դժուարութեան հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 8-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Ամալ Պիքֆայան: Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց նաեւ փոխախոյեան Լիբանանեան բանակի հաւաքականը, որ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սարաֆանտը: Տեղի ունեցան այլ մրցումներ ալ` տարբեր կազմերու միջեւ:

2018-ի Մոնտիալ. Պէյլ Պիտի Բացակայի Կալեսի Կատարելիք Վերջին 2 Մրցումներէն

«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք վերջին 2 մրցումներուն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: 6 հոկտեմբերին Կալես կը մրցի Վրաստանի դէմ, իսկ 9 հոկտեմբերին` Իրլանտայի դէմ: Դ. խմբակին մէջ, այժմ Կալես 14 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Պէյլ, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ...

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւնը Պիտի Յետաձգուի

Ինչպէս ծանօթ է, կարգ մը երկիրներ ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ մէկ տարիով կախակայուեցան` նկատի ունենալով, որ անոնց մարզիկները 2008-ի եւ 2012-ի ողիմպիական խաղերուն խթանիչ դեղեր գործածած են: Այդ երկիրներն են` Ռուսիա, Հայաստան, Ազրպէյճան, Պիելոռուսիա, Մոլտովա, Թուրքիա, Ուքրանիա եւ Պուլկարիա: Անոնց կախակայումը կ՛աւարտի հոկտեմբեր 2018-ին: Սկզբունքով Եւրոպայի 2018-ի ախոյեանութիւնը պէտք էր տեղի ունենար 22-31 մարտ 2018-ին, Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա): Սակայն Ռուսիոյ...

Գերմանիոյ Մէջ Կը Նախատեսեն Լուիս Վան Կաալի Վերադարձը Պայէրն Միւնիխ

Գերմանական մամուլին համաձայն, երկրին մէջ շատեր կը նախատեսեն հոլանտացի ֆութպոլի մասնագէտ Լուիս Վան Կաալի վերադարձը Պայէրն Միւնիխ եւ անոր վերստանձնումը խումբին մարզիչի պաշտօնին: Ան 2009-էն 2011 եղած է խումբին մարզիչը: 66 տարեկան Վան Կաալ, որ 2016-ին հեռացուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտէն, մէկ տարիէ ի վեր անգործ է:

Ռոնալտօ 600 Հազար Եւրոյի Ծախեց Իր 4 «Ոսկեայ Գնդակներ»-էն Մէկը

«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ աճուրդի մը ընթացքին 600 հազար եւրոյի ծախեց իր 4 «ոսկեայ գնդակներ»-էն մէկը: Ռոնալտօ իր ստացած այս գումարը պիտի յատկացնէ «Մէյք-ը-ուիշ» բարեգործական հիմնադրամին, որ կը պայքարի մանկական հիւանդութիւններու դէմ:

«Քամիլ Շամուն» Մարզական Աւանին Կրած Վնասը` 100 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկի

Նախանցեալ օր, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին գծով «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Անսար-Նըժմէ պէյրութեան տերպիի մրցումը, որ կ՛իյնայ 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Այս մրցումին Անսար արձանագրեց մեծ յաղթանակ մը` 5-1 արդիւնքով: Իրենց կազմին կրած այս պարտութենէն ետք, Նըժմէի զայրացած համակիրները կատարեցին խուլիկանութիւններ` ջարդուփշուր ընելով թրիպիւններուն աթոռները, կոտրելով դաշտին դռները եւ բաղնիքները, ինչպէս նաեւ նոյնիսկ պատուոյ...

Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբերին. ՀՄԸՄ Կը Ներկայացնէ Տղոց Պասքեթպոլի Իր Կազմը

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 6 հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ՀՄԸՄ կը ներկայացնէ տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին մասնակցող իր կազմը` մարզական անձնաւորութիւններու, յատուկ հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու ներկայութեան: ՀՄԸՄ, որ նախորդ կիրակի, 1 հոկտեմբերին տիրացաւ Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքին, Լիբանանի ախոյեանութեան մասնակցելէ բացի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ 23 հոկտեմբերէն 2...

2018-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը` Վերջին 2 Մրցումներուն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան հրապարակեց իր կազմը, որ պիտի նախապատրաստուի (փորձերը սկսան երէկ) Լեհաստանի (5 հոկտեմբեր, Երեւան) եւ Ղազախստանի (8 հոկտեմբեր, Ասթանա) դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի վերջին երկու մրցումներուն, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Կախակայուած ըլլալու պատճառով խումբէն կը բացակային Վարազդատ Հարոյեան եւ Կայէլ Անտոնեան: Լեւոն Հայրապետեան, Հրայր Մկոյեան եւ Արթուր Սարգիսով...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» «Տեքաթլոն-2017». Սեւակ Տեմիրճեան Հանդիսացաւ Առաջին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Աքուաթլոնի մրցումները` գործակցութեամբ Ժունիէի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին: Մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 87 երկսեռ մարզիկներ` տարբեր տեսակի դասակարգերէ: Տեղի ունեցան մեծերու (18 տարեկանէն վեր լողարշաւի մրցումներ (3,3 քմ), ապա վերադարձ վազքով (12 քմ): Կատարուեցաւ նաեւ կրտսերներու (18 տարեկանէն  վատ) լողարշաւի (400 մեթր) եւ վազքի մրցումներ (2 քմ): Նշենք, որ...

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի

Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին տիրացաւ պրոնզ մետալի: Ան հանդէս եկաւ 75 քկ դասակարգին մէջ, որուն մասնակցեցան 32 ըմբիշներ:

Page 923 of 1278 1 … 922 923 924 … 1,278

Արխիւներ