Մարզական

Չաւի 2022-ի Մոնտիալին Կ՛ուզէ Քաթարի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիչը Ըլլալ

Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Չաւի, որ ներկայիս մաս կը կազմէ քաթարեան Սատ խումբին, յայտնեց, որ 2022-ին կ՛ուզէ Քաթարի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը ըլլալ: 37 տարեկան Չաւի, որ 2015-էն ի վեր մաս կը կազմէ Սատի, ըսաւ, թէ բաւական ծանօթ ըլլալով քաթարցի ֆութպոլիստներուն, կրնայ մարզել անոնց ազգային խումբը եւ լաւ արդիւնք արձանագրել 2022-ի մոնտիալին, որուն հիւրընկալ երկիրն է...

Ինիեսթա Իր Փափաքած Պահուն Առիթ Ունի Իր Պայմանագրութիւնը Խզելու Պարսելոնայի Հետ

«Տիարիօ Սփոր»-ի համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա իր փափաքած պահուն առիթ ունի իր պայմանագրութիւնը խզելու իր ակումբին` Պարսելոնայի հետ` առանց պարտաւորութիւններու: Ըստ երկու կողմերուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրին, ան այս գծով իր ակումբը պէտք է տեղեակ պահէ տարեշրջանին աւարտէն մէկ ամիս առաջ (30 ապրիլէն ոչ այդքան ուշ): Երբ ան որոշէ հեռանալ իր կազմէն, Պարսելոնա անոր պիտի շնորհէ յաւելավճարներ,...

Շուէտացի Ֆութպոլիստը Մրցումի Մը Ընթացքին Նշանակեց 21 Կոլ

Շուէտի ֆութպոլի 6-րդ դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, Էսքիլսթուն 28-3 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Էսթերմալմի: Յաղթական կազմէն 25 տարեկան Սեպասթիան Նիկարտ նշանակեց 21 կոլ: «Առաջին տասը կոլերէն ետք չկրցայ գիտնալ, թէ քանիի հասաւ հաշիւը: Յետոյ ինծի ըսին, թէ անիկա 21-ի հասաւ», ըսաւ ան:

Աշխարհի Ֆութպոլի Ակումբներու Ախոյեանութեան Վիճակաձգութեան Արդիւնքները

Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունենալիք 2017-ի աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան, որուն վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ, պիտի մասնակցին ՖԻՖԱ-ի բոլոր ցամաքամասերու ախոյանները եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ախոյեան խումբը` Ժազիրա: Գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, իր մրցումներուն պիտի սկսի կիսաւարտականէն: Անոր մրցակիցը կը յստականայ, երբ 9 դեկտեմբերին Ժազիրա - Օքլենտ Սիթի (Նոր Զելանտա) մրցումին յաղթականը ճակատի Ասիոյ ներկայացուցիչին դէմ: Նշեալ թուականին...

Մանչեսթըր Սիթի Պատրաստ Է Մեսսիի Համար 400 Միլիոն Եւրօ Վճարելու

Սպանական «ԱՍ» օրաթերթին համաձայն, Մանչեսթըր Սիթի իր կազմին միացնելու համար Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Մեսսին, պատրաստ է վճարելու 400 միլիոն եւրօ, ինչ որ ֆութպոլի պատմութեան մէջ փոխանցման գինի մրցանիշ մը կրնայ ըլլալ: Անգլիական ակումբը, որ արդէն իսկ այս գծով լուրջ աշխատանքի սկսած է, կը սպասէ կանաչ լոյսի մը` Մեսսիին կողմէ:

Պասքեթպոլ. Արաբական Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ախոյեան Հմըմ Անթիլիասի Յաջորդական Երրորդ Յաղթանակը

ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ֆիւհէյս երէկուան մրցումէն PROFOTO «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը, որ կը հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երէկ գիշեր ականատեսը եղաւ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի արձանագրած երրորդ յաղթանակին: Այս անգամ ՀՄԸՄ-ի զոհը դարձաւ յորդանանեան Ֆիւհէյս խումբը` արձանագրելով 96-71 արդիւնքով յաղթանակ մը (13-27, 19-16, 19-31, 20-22): Մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռեպեքա Աքըլ`...

Ասիա-2019-ի Զտումի Մրցաշարք. Այսօր` Լիբանան – Հիւսիսային Քորէա

Լիբանանի երէկուան փորձերէնԼուսանկարը տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր` երեքշաբթի, 10 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանին մէջ կը հիւրընկալէ Հիւսիսային Քորէան, Ասիա-2019-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան այժմ 7 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Հիւսիսային Քորէա եւ Հոնկ Քոնկ ունին...

2018-ի Մոնտիալ.  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր Կ՛աւարտին Եւրոպայի Գօտիին Զտումի Մրցումները

Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունենալիք 9 մրցումներով այսօր կ՛աւարտին 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումները եւ կը յստականան Ռուսիոյ իրենց տոմսերը ապահովող, ինչպէս նաեւ փլէյ-օֆի մրցումներուն մասնակցող կազմերը: Պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր մանաւանդ այն կազմերուն համար, որոնք կը պայքարին առաջին կամ երկրորդ դիրքերը գրաւելու համար: Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Ա. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ Ֆրանսա - Պիելոռուսիա 21:45 Լիւքսամպուրկ -...

Շիքակոյի Մարաթոնին. Շիրին Նըժէյմ Լիբանանեան Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Լիբանանցի 33 տարեկան աթլեթ Շիրին Նըժէյմ 2020-ին տեղի ունենալիք Թոքիոյի (Ճափոն) ամառնային ողիմպիական խաղերուն, ինչպէս նաեւ 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու առումով մեծ քայլ մը առաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած Շիքակոյի մարաթոնին լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 2 ժամ, 39' 21" արդիւնք մը: Ան 30-34 տարեկան դասակարգին մէջ գրաւեց 3-րդ դիրքը, իսկ աղջկանց վերջնական դասաւորման մէջ` 19-րդ դիրքը:...

Ճատրակ. Պէյրութի 9-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Ռուս Վոլքով Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Պէյրութի ճատրակի 9-րդ միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: Ռուս կրանտմասթըր Սերկէյ Վոլքով, որ 2015-ին տիրացած էր այս մրցաշարքի 8-րդ տիտղոսին, յաջողեցաւ տիտղոսը պահել իր մօտ` ապահովելով 8 կէտ (2016-ին մրցաշարքը տեղի չունեցաւ): 2-րդ դիրքը 7,5 կէտով գրաւեց անոր ազգակից Անթոն Տեմշենքօ, իսկ 3-րդ դիրքը 7 կէտով` հոլանտացի Ռոլանտ Պրուիզսիր: 3 անգամ այս...

28 Տարի Ետք. Եգիպտոս Դարձեալ Հասաւ Մոնտիալի Աւարտականներուն

Ափրիկէի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբը 5-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին իր կատարած մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք իր հիւրին` Քոնկոյի դէմ, ապահովեց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աւարտականներու իր տոմսը: Եգիպտոսի այս յաղթանակը կերտեց Լիվըրփուլի միջնապահ Մոհամետ Սալահ, որ տուպլէ մը իրագործեց (63-րդ եւ 95-րդ` փենալթիով): Քոնկօ իր կոլը նշանակեց...

Եոաքիմ Լոյեւը` 2018-2019 Տարեշրջանին Պայէրն Միւնիխի Մարզի՞չ

Գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթին համաձայն, Պայէրն Միւնիխ այժմէն իսկ լուրջ աշխատանքի սկսած է, որպէսզի «Պունտըսլիկա»-ի 2018-2019 տարեշրջանին Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի այժմու մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ ըլլայ ակումբին մարզիչը: Ասոր զուգահեռ, Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը պատրաստուի նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել Լոյեւին: 57 տարեկան Լոյեւ 2006-էն ի վեր Գերմանիոյ մարզիչն է: Նախորդ շաբաթավերջին 72 տարեկան Եուփ Հայնքես մինչեւ 30 յունիս 2018 նշանակուեցաւ Պայէրն...

«Ֆորմիւլա-1». Լուիս Հեմիլթըն Մօտեցաւ Ախոյեանութեան Տիտղոսին

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2017-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն այլ յաղթանակ մը եւս արձանագրելով Ճափոնի կրան փրիին, մեծ քայլ մը առաւ դէպի ախոյեանութեան տիտղոս: 1 ժամ 27' 31" արդիւնք մը արձանագրելով եւ յաւելեալ 25 կէտ ապահովելով` Հեմիլթըն այժմ 306 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Անոր անմիջական մրցակիցը` «Ֆեռարի»-ի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել, որ Ճափոնի այս կրան փրին...

Թենիս. Ռաֆայէլ Նատալի 75-րդ Տիտղոսը

Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 75-րդ տիտղոսին, երբ Չինաստանի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի աւարտականին 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսի դէմ: Այսպիսով, 1 ժամ 33 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, 31 տարեկան Նատալ տիրացաւ այս տարուան իր վեցերորդ տիտղոսին: 15-րդ դասուած Քիրկիոս ցարդ...

Մարուան Ֆելլայնի Քանի Մը Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Մարուան Ֆելլայնի, որ Պոսնիոյ դէմ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցումին վիրաւորուեցաւ, քանի մը շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: 29 տարեկան Ֆելլայնի շատ հաւանաբար բացակայի հոկտեմբերին կատարուելիք «Փրեմիեր լիկ»-ի բոլոր մրցումներէն:

Անտրէա Փիրլօ Դեկտեմբերին Պիտի Աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Նիւ Եորք Սիթիի («Մէյճըր լիկ») մաս կազմող իտալացի միջնապահ Անտրէա Փիրլօ յայտարարեց, որ ամերիկեան ակումբին հետ իր պայմանագրութեան աւարտը պիտի գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի դեկտեմբերին: 38 տարեկան Փիրլօ յայտնեց, որ իր քիչ մը յառաջացած տարիքին պատճառով այսուհետեւ չի կրնար տալ իրմէ ակնկալուածը: Փիրլօ, որ 2015-էն ի վեր իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Մէյճըր...

Առաջին Անգամ Ըլլալով` Սիմոնա Հալեփ` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց միջազգային նոր դասաւորումը: Աղջկանց դասաւորման մէջ, 26 տարեկան ռումանացի Սիմոնա Հալեփ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով գրաւեց պարագլուխի դիրքը (6175 կէտ), մինչ սպանացի Կապրին Մուկուրուցա նահանջեց 2-րդ դիրք (6135): Ֆրանսացի Քարոլին Կարսիա յաջողեցաւ մուտք գործել առաջին 10-ին մէջ` 15-րդ դիրքէն բարձրանալով 9-րդ դիրք (3860): Ինչ կը վերաբերի տղոց դասաւորման, առաջին...

Պասքեթպոլ.  Արաբական Ակումբներու Աղջկանց Ախոյեանութեան Պաշտօնական Բացումը Եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի Երկու Յաղթանակները

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Աղջկանց Ախոյեանութեան Պաշտօնական Բացումը Եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի Երկու Յաղթանակները

Երէկ` կիրակի, 8 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան որուն հիւրընկալողն է «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»-ի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը: Յայտնենք, որ առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ կը հիւրընկալէ այսպիսի կարեւոր ախոյեանութիւն մը: Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կը մասնակցի այս ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած երկու մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտեց: Լուսանկարները տրամադրեց՝ PROFOTO

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Քֆարժոզի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ամալ Մաարաքէի դէմ, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քոլիփալի (77-րդ) եւ Ապպաս Համատէ (88-րդ): Մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր Ալի Սալլում, կողմի իրաւարարները` Ահմետ Հիւսէյնի եւ Ալի Ֆարհաթ, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Մոհամետ Ղատտար:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Էքթիւ Քլապ` 43-47

Երէկ` կիրակի, 8 հոկտեմբերին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի մրցումները` բազմաթիւ խմբակներու մէջ: 23-րդ խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին իր առաջին մրցումը կատարեց Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ)` ճակատելով Էքթիւ Քլապի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ մրցակից կազմին յաղթանակով` 47-43 արդիւնքով (15-14, 6-7, 15-14 եւ 11-8): Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը...

Page 921 of 1278 1 … 920 921 922 … 1,278

Արխիւներ