«Տիարիօ Սփոր»-ի համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա իր փափաքած պահուն առիթ ունի իր պայմանագրութիւնը խզելու իր ակումբին` Պարսելոնայի հետ` առանց պարտաւորութիւններու:
Ըստ երկու կողմերուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրին, ան այս գծով իր ակումբը պէտք է տեղեակ պահէ տարեշրջանին աւարտէն մէկ ամիս առաջ (30 ապրիլէն ոչ այդքան ուշ):
Երբ ան որոշէ հեռանալ իր կազմէն, Պարսելոնա անոր պիտի շնորհէ յաւելավճարներ, այնպէս ինչպէս 2015-ին քաթարեան Սատ խումբին միացած Չաւիի պարագային եղաւ:
Վերջերս Ինիեսթա պայմանագրութիւն մը կնքեց Պարսելոնայի հետ, մինչեւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին աւարտը:
Ցարդ ան 1996-էն սկսալ Պարսելոնայի հետ դաշտ ներկայացած է 639 մրցումի: Այդ թուականին ան 12 տարեկան էր:


