Նիւ Եորք Սիթիի («Մէյճըր լիկ») մաս կազմող իտալացի միջնապահ Անտրէա Փիրլօ յայտարարեց, որ ամերիկեան ակումբին հետ իր պայմանագրութեան աւարտը պիտի գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի դեկտեմբերին:
38 տարեկան Փիրլօ յայտնեց, որ իր քիչ մը յառաջացած տարիքին պատճառով այսուհետեւ չի կրնար տալ իրմէ ակնկալուածը:
Փիրլօ, որ 2015-էն ի վեր իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Մէյճըր լիկ»-ին, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին (2002-2016) 116 մրցումի ընթացքին նշանակեց 13 կոլ:
Դեկտեմբերին Իտալիա վերադառնալէ եւ քիչ մը հանգստանալէ ետք ան պիտի յայտարարէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան յառաջիկային իր առնելիք քայլերը:



