Լիբանանցի 33 տարեկան աթլեթ Շիրին Նըժէյմ 2020-ին տեղի ունենալիք Թոքիոյի (Ճափոն) ամառնային ողիմպիական խաղերուն, ինչպէս նաեւ 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու առումով մեծ քայլ մը առաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած Շիքակոյի մարաթոնին լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 2 ժամ, 39′ 21″ արդիւնք մը:
Ան 30-34 տարեկան դասակարգին մէջ գրաւեց 3-րդ դիրքը, իսկ աղջկանց վերջնական դասաւորման մէջ` 19-րդ դիրքը:
Իսկ տղոց եւ աղջկանց միացեալ դասաւորման մէջ, ան 22 հազար երկսեռ մասնակցողներուն մէջ, գրաւեց 142-րդ դիրքը, ինչ որ կը նկատուի բացառիկ արդիւնք մը:
Նախորդ տարի, Հիուսթընի մարաթոնին, ան 2 ժամ 44′ 14″ երկվայրկեան արդիւնք մը արձանագրելով, իրաւունք ստացած էր մասնակցելու Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն: