
Լուսանկարը տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր` երեքշաբթի, 10 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանին մէջ կը հիւրընկալէ Հիւսիսային Քորէան, Ասիա-2019-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան այժմ 7 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Հիւսիսային Քորէա եւ Հոնկ Քոնկ ունին 2-ական կէտ, մինչ վերջին դիրքը գրաւող Մալեզիա` 1 կէտ:
Օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Ճափոնէն: Հիւր խումբը Պէյրութ հասաւ շաբաթ, 7 հոկտեմբերին, Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) ճամբով:
Այսօրուան մրցումին Լիբանան դաշտ պիտի ներկայանայ կարմիր տարազով, մինչ հիւր խումբը` ճերմակ: